ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կիրակի, 12 Օգոստոսին, Հայց. Առաքելական եկեղեցին նշեց Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի երկրէն երկինք փոխադրուելուն՝ Վերափոխման տօնը, որ Աստուածամօր նուիրուած եօթը տօներէն մեծագոյնն է եւ եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնը։ Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ աւանդական Խաղողօրհնէքի արարողութիւն՝ հաւատացեալներուն հոգիները համակելով օրուան խորհուրդով ու տօնական ցնծութեամբ:
Այս տօնը անուանակոչութեան տօնն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ: Այս առիթով, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պատարագ մատուցանեց Կլենտէյլի եկեղեցւոյ մէջ, ուղղեց իր պատգամը եւ յաւարտ պատարագի՝ կատարեց խաղողի ու մատաղի օրհնութիւնը։
Նշենք, որ Եփրեմ արք. Թապագեան հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ պատարագին, քարոզեց եւ յաւարտ պատարագի Խաղողօրհնէք կատարեց, իսկ առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան պատարագ մատուցեց, իր պատգամը ուղղեց եւ Խաղողօրհնէք կատարեց Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Կլենտէյլի պատարագին, Ս. սեղանին սպասարկեցին Վազգէն Ա. քհնյ. Աթմաճեանն ու Մովսէս քհնյ. Շաննագեանը, ինչպէս նաեւ սարկաւագաց ու դպրաց դասը։
Հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան կողքին, պատարագին ներկայ էին եկեղեցւոյ երեսփոխանները, հոգաբարձութեան անդամները եւ շրջանի հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց ներկայացուցիչները, որոնք եկած էին հաղորդակից ըլլալու օրուան խորհուրդին։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՊԱՏԳԱՄԸ
Սրբազանը նախ գոհութիւն տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս բոլորս արժանի դարձուցած է հաւաքաբար ներկայ ըլլալու հոգեպարար տօնակատարութեան, որ հրաւէր մըն է Աստուծոյ պատուիրաններուն հնազանդութեան ուխտի վերանորոգման, Աստուծոյ խօսքին հետ մտերմութեան, ինչպէս նաեւ՝ խոնարհութեան, հեզութեան, սրբութեան ու մաքրութեան տիպարին՝ Աստուածամօր օրինակին հետեւելու եւ օրինակ դառնալու մեր նմաններուն։
Անդրադառնալով Աստուածամօր սրբակեաց վարքին՝ առաջնորդը նշեց, որ ան համայն մարդկութեան համար եղաւ խորհրդանիշ ու տիպար, որովհետեւ ամբողջ կեանք մը ապրեցաւ հաւատքով ու աղօթքով՝ դառնալով այն տաճարը, որ իր մէջ պարփակեց մարդկութեան Փրկիչը։
Այնուհետեւ, սրբազանը մատնանշեց Աստուածամօր կեանքէն երեք դէպքեր, որոնց պատճառով պէտք է հայցենք Ս. Աստուածածնայ բարեխօսութիւնը. առաջին՝ Աստուածամայրը ի սկզբանէ ընտրուած էր Աստուծոյ կողմէ, որովհետեւ նոյնիսկ իր ծնունդը հրաշք մըն էր իր ծնողներուն համար. ան ուխտի զաւակ էր՝ պարգեւ մարդկութեան։ Երկրորդ՝ ան իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն հնազանդեցաւ Աստուծոյ կամքին, այդ իսկ պատճառով՝ բոլոր կիներուն մէջ օրհնեալ հռչակուեցաւ, իսկ երրորդ՝ ան մայրութեան մեծագոյն օրինակը եղաւ։ Քրիստոսի ծնունդէն մինչեւ մահը իր Որդւոյն հետ եղաւ, հետեւաբար՝ Ան է՛ եւ կը մնայ մեր բոլորին մայրը։
«Աստուածամայրը եղաւ անսպառ սէր, անսպառ աղօթք ու անսպառ ներում. հակառակ անոր որ այս աշխարհին մէջ տառապանք տեսաւ, իր սիրտէն սուր անցաւ եւ տեսաւ իր Միածին Որդւոյն չարչարանքն ու մահը, ան մնաց բարութեան ու մայրական առաքինութեանց տիպարը, իբրեւ բարեխօս ու միջնորդ համայն մարդկութեան», շեշտեց առաջնորդը՝ յորդորելով հաւատացեալները գիտակցելու մեր մայրերուն զոհողութեան, սիրոյն ու նուիրումի առաքինութեանց։
Սրբազանը կանգ առաւ Ս. Աստուածածինին հանդէպ քրիստոնեայ եկեղեցւոյ յատուկ սիրոյն ու յարգանքին վրայ՝ նշելով, որ Աստուածածինը եղաւ Քրիստոսի եկեղեցւոյ պաշտպանն ու խնամատար բարեխօսը, որովհետեւ Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէջ բաժին ու մասնակցութիւն ունեցաւ։ Ան իր պատգամը եզրափակեց՝ կոչ ուղղելով բոլորին, յատկապէս մայրերուն ու քոյրերուն, խնդրելու Աստուծմէ, որ իրենք եւս զգենուն Աստուածամօր առաքինութիւնները եւ հայցեն, որ Ս. Կոյսը բարեխօսէ բոլորին համար, վերանորոգէ բոլորին կեանքը՝ խոնարհութեան, հնազանդութեան, հաւատքի եւ յոյսի սերմերը ցանելով բոլորի սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։
Աւարտին, սրբազանը Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի խաղաղութեան ու բարօրութեան համար Ս. Աստուածածինի բարեխօսութիւնը հայցեց։ Այնուհետեւ, ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութիւնը, գնահատեց հոգեւոր հովիւներն ու բոլոր նուիրեալները՝ մաղթելով բեղուն ծառայութիւն։
Պատարագի աւարտին, առաջնորդը կատարեց խաղողի օրհնութիւն ու մատաղօրհնէք: Ներկայ հաւատացեալները օրհնուած խաղողէն ու մատաղէն բաժին առնելով՝ հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ հաղորդակից եղան աւանդական այս տօնին ու անոր օրհնութիւններով վերադարձան իրենց տուները: