
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հինգշաբթի, 16 Օգոտոսին, եւորապական ֆութպոլի ակումբներու «Եուրոփա» մրցաշարքի զտումի Գ. հանգրուանի դարձի մրցումները անյաջող էին Հայաստանի երկու ներկայացուցիչներուն համար։
Արդարեւ, Երեւանի «Ալաշկերտ» եւ «Փիւնիկ» խումբերը իրենց դաշտերէն դուրս պարտութիւններ կրելով՝ դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Հայաստանի ախոյեան «Ալաշկերտ»ը, որ Ռումանիոյ մէջ հիւրը եղաւ «Քլիւժ»ին, 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրելով՝ դուրս մնաց մրցաշարքէն: Գ. հանգրուանին, հայկական կազմը ոչ մէկ կօլ նշանակեց՝ նկատի ունենալով, որ երթ մրցումին եւս 0-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր:
Հայկական երկրորդ խումբը, որ բաւական մօտ էր յաջորդ հանգրուան հասնելու, 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Թել Աւիւի «Մաքապի»էն, իր կարգին դուրս մնաց։ Անիկա երթի մրցումին սպիտակ հաւասարութիւն մը արձանագրած էր (0-0):
«Փիւնիկ»ը մրցումին մինչեւ 55րդ վայրկեանը կը յառաջանար 1-0 արդիւնքով, սակայն չկրցաւ պահպանել առաւելութիւնը, կօլեր ստանալով 56րդ եւ 68րդ վայրկեաններուն: