ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսըն, որուն ձերբակալութիւնը դիւանագիտական խոր տագնապ մը ստեղծած է Թուրքիոյ ու Ամերիկայի միջեւ, կը շարունակէ տնային կալանքի մէջ մնալ, մինչ անոր իրաւապաշտպանը՝ հայազգի Ստեփան Ճեմ Հալաւուրթ, նշած է, որ դատը Սահմանադրական ատեան հասած է։ Այս ատեանը վերջին մարմինն է, որ Թուրքիոյ մէջ կրնայ քննել սոյն հարցը. եթէ Սահմանադրական ատեանը եւս ժխտական վճիռ կայացնէ հոգեւորականը ազատ արձակելու գծով, ապա դիմում պիտի կատարուի Եւրոպական մարդկային իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։
Ըստ Հալաւուրթի, եթէ Սահմանադրական ատեանը գործէ ամբողջովին իրաւական սահմաններու մէջ, ապա Պրանսըն ազատ պէտք է արձակուի՝ օրէնքի տառին համապատասխան կերպով։
ԵՄԻԱի մէջ ծառայած թուրք նախկին դատաւոր Ռըզա Թիւրմեն, անդրադառնալով Սահմանադրական ատեանին կողմէ Պրանսընի դատական թղթածրարի քննութեան՝ յայտնեց, որ Պրանսընի փաստաբանը ճիշդ ընթացքի մէջ է, եւ աւելցուց, որ ներկայիս թղթածրարը կ՛անցնի «ամէնէն վտանգաւոր փուլէն»։ Թիւրմեն նաեւ նշեց, որ որքա՛ն ձգձգուի Պրանսընի կալանաւորումը, այնքա՛ն կ՛աւելնան օրինախախտումները։