ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պաշտպանութեան նախարարի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան Ուրբաթ, 31 Օգոստոսին, «Թերթ»ի լրագրողին յայտնեց, որ Հայաստան պիտի չմասնակցի Վրաստանի մէջ յառաջիկային կայանալիք ՆԱԹՕի Agile Spirit-2018 զօրավարժութիւններուն:
Զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին շուրջ 10 երկիրներ, որոնց շարքին՝ Թուրքիա:
Յիշեցնենք, որ 1-15 Օգոստոս, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած «Ազնիւ գործընկեր-2018» (Noble Partner-2018) զօրավարժութիւններուն Հայաստան մասնակցեցաւ չորս հոգիէ բաղկացած պատուիրակութեամբ: