ԵՐԵՒԱՆ.- Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հրաւէրով Սեպտեմբեր 2-4 պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Ճափոնի արտաքին գործոց նախարար Թարօ Քոնօ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:
Ճափոնի ԱԳ նախարարը ծաղկեպսակ դրաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ ծաղիկներ խոնարհեց Անմար կրակի մօտ:
Անոր կ՛ուղեկցէին ՀՀ արտաքին գործոց փոխնախարար Արմէն Պապիկեան եւ Ճափոնի մօտ Հայաստանի դեսպան Հրանդ Պօղոսեան:
Հիւրերուն յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը, յուշակոթողի խորհրդանշական իմաստը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Մարինէ Մարգարեան: