ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի մէջ գտնուող 541 սուրիացի տեղահանուածներ Սեպտեմբեր 4ին կամովին տունդարձ կատարած են:
Սուրիական իշխանութիւններուն հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ աւելի քան չորս տարի ետք, սուրիացի տեղահանուածները 25 փոխադրակառքերով վերադարձած են իրենց երկիրը:
Նաեւ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ մէջ տիրող քաղաքական, ապահովական, ապրուստի եւ տարբեր ծառայութեանց պայմաններուն պատճառով, սուրիական իշխանութիւնները կը մերժեն ընդունիլ Լիբանանի կողմէ իրենց ներկայացուած տունդարձ կատարել փափաքող սուրիացիներուն շուրջ կէսը:
Միւս կողմէ, նախկին երեսփոխան Նաուար Սահիլի, որ ներկայիս պատասխանատու է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի «Հըզպալլա»ի գրասենեակին, հաստատեց, որ այս գրասենեակը երկու ամսուան ընթացքին մօտաւորապէս 1150 տեղահանուածներու տունդարձը ապահոված է՝ գործակցութեամբ Լիբանանի եւ Սուրիոյ կառավարութեանց: