ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան Սեպտեմբեր 6ին ընդունեց Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան հայաստանեան գրասենեակի պատուիրակութիւնը, որուն կազմին մէջ էին գրասենեակի ղեկավար Իլոնայ Տէր Մինասեան, Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հարաւարեւելեան Եւրոպայի ու Արեւելեան Եւրոպայի, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Վիեննայի տարածաշրջանային գրասենեակի՝ աշխատանքային եւ մարդկային զարգացման գծով աւագ մասնագէտ Մայքըլ Նիւսոն եւ Գաղթականութեան միջազգային կազմակերպութեան Հայաստանի առաքելութեան ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Խոջայեան:
Ասիկա արդէն իսկ երկրորդ հանդիպումն է նախարարին հետ, եւ իբրեւ արդիւնք պիտի մեկնարկեն սփիւռքի քարտէսագրման աշխատանքները:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան քարտէսագրման համար անհրաժեշտ չափորոշիչները եւ այն ոլորտները, որոնք նախարարութեան հետաքրքրութեան ծիրէն ներս են: «Տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտ, գիւղատնտեսութիւն եւ զբօսաշրջութիւն, ասոնք այն երեք առաջնային ոլորտներն են, որոնք մեզ կը հետաքրքրեն, սակայն ես չեմ ուզեր սահմանափակուիլ միայն ասոնցմով: Մեզի հարկաւոր են արհեստավարժներ՝ բոլո՛ր ոլորտներուն մէջ», ըսաւ Մխիթար Հայրապետեան:
Քննարկուեցան նաեւ քարտէսագրման հարցով նախարարութեան հետ հետագայ համագործակցութեան ձեւաչափը եւ թէ քարտէսագրման համար ինչպիսի՛ տեղեկատուութիւն կրնայ տրամադրել նախարարութիւնը: «Մենք պատրաստ ենք տրամադրելու համապատասխան ամէն տեղեկատուութիւն, որ կրնայ նպաստել Հայկական Սփիւռքի քարտէսագրման, ինչպէս նաեւ դառնալ կապող օղակ տարբեր կազմակերպութիւններու միջեւ, որոնք ունին հետազօտութիւններու մեծ պաշար. անոնք եւս կրնան օգտակար ըլլալ», աւելցուց նախարարը:
Քարտէսագրման աշխատանքներուն պիտի յաջորդէ հաղորդակցութեան ռազմավարութեան մշակումը, որուն առնչութեամբ կողմերը համաձայնեցան կրկին հանդիպիլ, քննարկելու համար աշխատանքներուն ընթացքը: