ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Հարցումին պատասխան տալը քաղաքավարութեան նշան կը համարուի: Հիմա մարդիկ այնքան քաղաքակրթուած են, որ բնա՛ւ պարտաւորուած չեն զգար զգայուն հարցումներուն պատասխանելու, մանաւանդ երբ անոնք դատական խնդիրներու առնչուած են: Անոնք պարզապէս կÿըսեն, թէ իրենց փաստաբանը կը պատասխանէ՛ հարկ եղած պարագային:
«Պատասխան տալ» հասկացութիւնը տարբեր ընկալումներ ունի: Մեր լեզուի բարբառային ճոխութիւնը, երբեմն ալ օտար լեզուներէ կրած ազդեցութիւնը իրենք դեր կ՛ունենան, որ տուեալ ըսելաձեւը երկրէ երկիր իմաստային փոփոխութիւններ կրէ: Օրինակ, «պատասխան տալ» սովորական արտայայտութեան դիմաց երբ դրուի «մեծին» բառը, կը նշանակէ ընդդիմանալ, հակառակիլ, տարիքով, պաշտօնով կամ հանգամանքով մեզմէ աւելի բարձր մարդուն հրահանգը չգործադրել, կամ կարծիքը չընդունիլ: Ծնողներուն չպատասխանելու, անոնց կամքին ենթարկուելու խրատներ եւ հրահանգներ միշտ կը տրուին անհնազանդ երեխաներուն, զանոնք դաստիարակելու եւ մեծերու հանդէպ յարգալից դարձնելու հեռանկարով:
Դպրոցին մէջ ուսուցիչը ինչքան ալ սխալական ըլլայ, դարձեալ չի՛ թոյլատրուիր աշակերտին վիճիլ անոր հետ, կամ «պատասխան տալ» դասարանին ղեկը իր ձեռքին մէջ ունեցող անձին՝ դաստիարակին հետ: Կրթութեան առաջին նախապայմանը հնազանդութիւնն է, որուն իմաստը վերջին ժամանակներուն չափազանց չարափոխուած է յատկապէս ա-րեւմտեան երկիրներուն մէջ:
Ուրիշ տեղեր, «պատասխանել», կը նշանակէ՝ իրաւունքը վճարել եւ գործէ արձակել, հրաժարեցնել: Այս ալ ուրիշ լեզուական «սայթաքում» մըն է, որուն արմատը այլ լեզուէ կատարուած ասոյթի մը թարգմանաբար փոխադրումն է մեր լեզուին:
Փոխյարաբերական կեանքի պարագային, մարդկային ընկերութեան մէջ, բնականաբար կարեւոր է հարց-պատասխանը, որ մտքերու փոխանակումէ աւելի, կեանքը դիւրացնելու եւ անոր յառաջատուական ընթացք տալու միջոց է: Ամէնէն պարզ պատասխաններէն սկսեալ մինչեւ ամէնէն բարդ պատասխանները կարեւոր են, որոշում առնելու եւ կողմնորոշուելու համար:
Պատասխաններու տեսակները կը տարբերին իրարմէ: Անոնցմէ ոմանք կ՛որակուին իբրեւ «կծու» պատասխաններ, իսկ ուրիշներ՝ «մեղմ»: Պատասխաններէ կախեալ են նաեւ կարեւոր որոշումներ: Օրինակ, դատարանի մէջ քեզի հարցուած հարցումներուն քու տուած պատասխաններէդ կախեալ է, քեզի հասնելիք պատիժը, կամ՝ փրկութիւնդ: Դարձեալ, նոյն պատասխաններուն ինքնավստահօրէն ըսուելէն կախեալ է երբեմն պատիժիդ խստութիւնը կամ թեթեւութիւնը: Ուրեմն, պատասխանները շատ կարեւոր են, ինքնութեանդ, կամ՝ պատահած դէպքի մը մասին տեղեկութիւն տալու առումով:
Պետական գործառնութեանց հետեւող պաշտօնեայ մը կը խրատէր իր խորհուրդը հարցնող մարդուն, որպէսզի կամաւորաբար չնետուի պատասխանելու զինք հարցուփորձող քննիչին, այլ՝ միայն ճշգրիտ պատասխանը տայ, քննիչին հետաքրքրող հարցումներուն: Այսինքն, յաւելեալ տեղեկութիւններ տալով չիյնայ անոր լարած հարցումներու թակարդին մէջ: Որովհետեւ մեր տուած պատասխանները երբեմն նոր հարցումներու դուռ կը բանան, որոնք մեզի կը տանին այլ ուղղութեամբ եւ կը նետեն դժուարութիւններու գիրկը:
Պատասխանները երբեմն կասկածի դուռ կը բանան: Դաստիարակ ուսուցիչներ իրերայաջորդ հարցումներով ծուղակ կը լարեն իրենց աշակերտներուն համար, որպէսզի անոնք իրենց ուղեղը աշխատցնելով հասնին ճշմարտութեան: Երեխաները իրենց յատուկ խորամանկութեամբ, երբեմն կը փորձեն թաքցնել իրենց պատասխանատուներէն այնպիսի արարքներ, որոնք ստուգապէս իրենց պատժուելուն պատճառ պիտի ըլլան:
Պատասխանները նաեւ կ՛ունենան իրենց դարձդարձիկ ձեւերը: Անոնք երբեմն կ՛անցնին ոլորապտոյտ ճամբաներէ: Պատճառաբանութիւններով հովանաւորուած պատասխաններն են ասոնք, որոնք ճշմարտութենէ խուսափելու միջոցներ են պարզապէս: Ուղղակի եւ ճշգրիտ պատասխան տալը ուղղամիտ եւ արդար մարդոց երկնատուր յատկանիշներէն մէկն է, կրօնական բառով՝ առաքինութիւն մը, որ զլացուած է շատերուն: Ինքնավստահ ըլլալու պէտք չունի մարդ ճշգրիտ պատասխան տալու համար այնքան, ինչքան՝ արդար եւ ուղիղ: Որովհետեւ ինքնավստահութիւնը եւս կրնան կեղծել մարդիկ, ձեւացնելով որ ինքնավստահ են: Սակայն, անարդարութեան կարելի չէ՛ արդարութեան հանդերձանքով ծածկել, կամ խաբէական սուտերով պարուրել: Արդարութիւնը սուր դանակ է, որ իր բերանը միշտ ցոյց պիտի տայ արեւու շողերուն տակ:
Պատասխանին եւ ճշմարտութեան միջեւ խոր վիհ մը կրնայ գոյութիւն ունենալ: Այսինքն՝ տրուած բոլոր պատասխանները, հարցուած հարցումներուն պատասխանները կրնան չըլլալ: Ուրեմն, ճշմարտութեան հասնելու համար կարելի չէ՛ միայն յենիլ մեզի տրուած պատասխաններուն: Պէտք է նաեւ մեր կողմէ մասնաւոր աշխատանք եւ ճիգ կատարուի, բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը:
Այնպէս ինչպէս մարդոց տուած պատասխանները իրարմէ կը տարբերին բովանդակութեամբ եւ արտայայտչաձեւերով, նոյնպէս ալ զանոնք իրենց շրթներէն արտաբերող մարդիկ կը տարբերին իրարմէ նկարագրով: Իրենց ուղղուած հարցումներուն արհամարհանքով պատասխանող մարդիկ կան, որոնք նոյնիսկ չեն պատասխաներ հարցումի երկրորդ կէսին, թողնելով որ հարցում հարցնողը ի՛նք իր իմաստութեամբ բացայայտէ այդ մասը, եթէ կարենայ Ինքնահաւանութեան բարացուցիչ է այս կեցուածքը, սակայն կարեւոր է երբեմն, որպէսզի կարելի ըլլայ հարցումը տուողին բացատրել անոր իմաստութեան չափը եւ ներկայացուցած արժէքը ընդհանրապէս շրջապատին մէջ:
Իմաստուն մարդոց կողմէ տրուած նոյնիսկ կարճ բովանդակութեամբ պատասխան մը կրնայ ուղենշային կարեւորութիւն ունենալ զայն ունկնդրողին համար եւ փոխել անոր կեանքին ընթացքը: Անկիւնադարձերու, ետդարձերու, յառաջխաղացներու, վերելքներու եւ վայրէջքներու պատճառ կը դառնան պատասխաններ, որոնք մարդոց կողմէ կը տրուին կեանքի կարեւոր փուլերու վրայ կանգնած:
Լաւագոյն պատասխանը, սակայն, ոմանց կարծիքով բնա՛ւ չպատասխանելն է, որ ինքնին պատասխան մը կրնայ ըլլալ: Անշուշտ նման «պատասխան» տալէ առաջ պէտք է ուսումնասիրել կացութիւնը եւ «լաւագոյն պատասխանը» տալ: Անիմաստ վէճը կամ արիւնալի կռուի առաջքը առնող պատասխան է «լաւագոյն պատասխանը», որ կը ցրուէ հակառակութիւնը եւ կը հանդարտեցնէ բորբոքած կիրքերը:
«Լաւագոյն պատասխան»ին հեղինակները անպայման խելացի կամ համալսարանաւարտ անձեր չեն: Անոնք կրնան շատ համեստ դասակարգի պատկանող անձեր ըլլալ: Անոնց ինքնութիւնը բարձր դիրքերէ կամ հանգամանքներէ կախեալ չէ՛: Անոնք պարզապէս գիտեն խօսելու եւ մանաւանդ լռելու պահը:
«Լաւագոյն պատասխան»ին ժամն ու վայրկեանը սկիզբէն կրնայ որոշուած չըլլալ: Անիկա կացութեան ծնունդ է, որովհետեւ դէպքերը իրե՛նք կը ծնին կացութիւններ, որոնք համապատասխան կեցուածք կը պահանջեն մասնակիցներէն:
«Լաւագոյն պատասխանը» պատասխան չտալն է, որ քաջութեան գագաթնակէտն է, ի՛նչ որակումներ ալ փորձեն հնարել մարդիկ սոյն կեցուածքը ճշդող քաջերուն համար: Յաղթանակը քո՛ւկդ է, «լաւագոյն պատասխան»ով: