ՊԸՐՊԵՆՔ.- «Ամառնային Արձակուրդ» խորագրուած կատակերգութիւնը, որուն ներկայացումները Յուլիսին տեղի ունեցան Պըրպենքի մէջ, մէկ անգամով եւս պիտի կրկնուի ՀԲԸՄի Փասատինայի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան կեդրոնի նոր թատերասրահին մէջ (2495 East Mountain St., Pasadena, CA 91104)։
ՀԲԸՄի Փասատինա-Կլենտէյլ մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ կայանալիք սոյն ներկայացումը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ։
Լորի Թաթուլեանի հեղինակած այս ներկայացման պիտի մասնակցին Մերի Պասմաճեան, Հելէն Քալոկնոմոս, Էնտրու Քափամաճեան, Լուտվիկ Մանուկեան, Ալեքս Մաշիքեան, Գէորգ Թիւթիւնճեան, Մայքըլ Սթրասնըր եւ Ճան Ուիլսըն:
«Ամառնային Արձակուրդ»ը պատկեր մըն է Հայրապետեաններու՝ Լաս Վեկասի մէջ անցուցած ամառնային արձակուրդէն, համեմուած քաղաքական բանավէճերով եւ բամբասանքներով: Անիկա յարմար է 17 տարիքը բոլորածներու համար։
Մուտքի սակը 40 տոլար է: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/AGBUPG կայքէջը։