
ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ.- Հինգշաբթի, Օգոստոս 16ին, տէր եւ տիկին Պիլ Քամպըլիչի եւ Սարա Խաչատուրեան-Քամպըլիչի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի ուսանողներուն կրթանպաստներ ապահովելու միտող ձեռնարկ:
Ձեռնարկի հիւրն էր համալսարանի ուսանողուհիներէն՝ Լիլիա Մամիկոնեան, որ Սիսիանէն է եւ յառաջիկայ տարի շրջանաւարտ պիտի ըլլայ արդէն։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց իր համալսարանական ուսումը իրականութիւն դարձուցած կրթանպաստը յատկացուցած ամոլին՝ Արա եւ Լորա Տրդատեաններուն, որոնք եւս ներկայ էին հաւաքին։ Անոնք կրթանպաստի հիմնադրամ մը հաստատած էին ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած իրենց մեծ հայրերուն՝ Եղիա Գահուէճեանին եւ Առաքել Տրդատեանին։
Լիլիա կենսական համարեց նման աջակցութիւններ՝ աւելցնելով, որ համակարգիչներու գիտութեան մէջ իր վկայականը ստանալէ առաջ իսկ աշխատանք ապահոված է՝ շնորհիւ համալսարանի նեցուկին:

Իր կարգին, Տրդատեանները կոչ ըրին բոլորին, որ նեցուկ կանգնին Հայաստանի երիտասարդութեան բարձրորակ կրթութիւն ապահովելու ջանքերուն՝ ներկաներուն հետ բաժնելով Լիլիայի յղած մէկ նամակը, որ գրուած էր Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Թաւշեայ յեղափոխութեան օրերուն եւ ուր յոյս կը յայտնուէր կերտելու «մեր բոլորին երազած Հայաստանը»։
Իր կարգին, Սարա Խաչատուրեան-Քամպըլիչ յայտնեց, թէ Հայաստան կատարած իր վերջին այցելութեան ընթացքին ականատես դարձաւ արդէն Թաւշեայ յեղափոխութեան ունեցած դրական ազդեցութեան՝ աւելցնելով, որ լաւապէս տպաւորուած էր համալսարանին ուսանողներով եւ անոր մատուցած արհեստագիտական սպասարկութիւններով, վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը կրնայ լաւապէս մրցիլ ամերիկեան եւ բրիտանական լաւագոյն համալսարաններու հետ։
Ապա, ան հրաւիրեց Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրէղեանը, որ ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց համալսարանի իրագործումներուն եւ ապագայ ծրագիրներուն մասին, միաժամանակ յիշեցնելով, որ համալսարանի ուսանողներն ու շրջանաւարտները կենսական դեր ունեցած են Թաւշեայ յեղափոխութեան ժամանակ՝ ստանձնելով նախարարի եւ փոխնախարարի պաշտօններ։ Ան համալսարանը համարեց Սփիւռքի կարեւորագոյն նեդրումը Հայաստանի մէջ։
Դոկտ. Տէր Կիւրէղեան շնորհակալութիւն յայտնեց հաւաքին ներկայ՝ համալսարանի հոգաբարձութեան անդամներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանի զարգացման նեցուկ կանգնող յանձնախումբին, որուն նախաձեռնութիւններն են՝ «100 Սիւներ» եւ «Այո՛, հայ կիները կրնան» արշաւները։
Այնուհետեւ, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի հոգաբարձութեան ատենապետ եւ Քալիֆորնիոյ համալսարանի նախկին տնօրէն տոքթ. Լերի Փից տեղեկութիւններ հաղորդեց համալսարանի կրթական մակարդակին եւ ուսանողութեան տրամադրուող աջակցութեան ծրագիրներուն մասին՝ վստահեցնելով, որ համալսարանը արդէն իսկ իրականացուցած է Հայաստանի մէջ բարձրագոյն կրթութեան մակարդակը բարելաւելու նպատակը՝ մեծապէս նպաստելով Հայաստանին ու անոր ուսանողներուն։

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ համալսարանին նեցուկ կանգնող եւ ներկայիս համալսարանի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի վարիչ Սեդրակ Սարգիսեան, որ մանրամասնութիւններ փոխանցեց համասարանին եւ ելեկտրական ճարտարագիտութեան մարզի «Մենթոր Կրեֆիքս» ընկերութեան միջեւ հաստատուած արդիւնաբեր գործակցութեան մասին՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ բացուած այդ ընկերութեան գրասենեակը սովորաբար Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներուն գործի կարելիութիւններ կ՛ընծայէ եւ ներկայիս ունի 150 պաշտօնեաներ։ Ան նաեւ քանի մը նուագներ ներկայացուց դաշնակի վրայ։
Աւարտին, դոկտ. եւ տիկին Արմէն եւ Նելլի Տէր Կիւրէղեաններ նուէրներ յանձնեցին հիւրընկալներուն՝ տէր եւ տիկին Քամպըլիչներուն, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց՝ համալսարանի համակիրներուն ցուցաբերուած ջերմ հիւրասիրութեան համար։
Համալսարանին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ անոր աջակցելու համար, այցելել www.aua.am կայքը, կամ՝ դիմել
development@aua.am հասցէին եւ (510) 925-4282 թիւին: