Ռ. Հ.
Կրկին 6 Սեպտեմբեր է։ Տասնամեակներէ ի վեր, հին սերունդէ խղճամիտ մարդոց համար անմոռանալի ու չարաշուք դարձած թուական է այս, որովհետեւ այդ խղճամիտ մարդիկն ու բոլոր անոնք, որոնք ժամանակակից եղան 1955 թուականի 6-7 Սեպտեմբերի գիշերուան անցուդարձերուն, այդ անմոռանալի ու ահաւոր գիշերը կը յիշեն, երբ օրացոյցը ցոյց տայ 6 Սեպտեմբերը։
Շատ բան գրուեցաւ այդ գիշերուան մասին, եւ ամէն տարի կը կրկնուի ատիկա։ Կիպրոսի պայքարին ամէնէն պայթուցիկ շրջանն էր։ Բայց հարցն այն է, որ 6-7 Սեպտեմբերի աւերիչ պայքարը միայն յոյներու դէմ չէր որ մղուեցաւ. ատիկա մղուեցաւ նաեւ բոլոր փոքրամասնութիւններուն դէմ՝ յոյն, հայ, հրեայ։ Փոքրամասնութիւնները այս երկրին մէջ անգամ մը եւս յիշեցին, որ իրենք փոքրամասնութիւն էին ու անսիրելի էին լայն զանգուածներու համար։ Այդ լայն զանգուածները, Կիպրոսի հարցով առիթ մը ձեռք անցուցած կ՛ըլլային՝ իրենց թշնամութիւնը արտայայտելու նաեւ հայ կամ հրեայ փոքրամասնութիւններուն դէմ, հակառակ անոր որ վերջինները որեւէ կապ չունէին Կիպրոսի հարցին հետ։
Յիշել, որ փոքրամասնութիւն էին…
Ասիկա անշուշտ առաջին անգամը չէր այս երկրին մէջ։ Փոքրամասնութիւնները, որոնք նորաստեղծ ժողովրդավար Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ բնակելով կը հաւատային, որ ապահով երդիքի մը տակ կ՛ապրէին այլեւս, 6 Սեպտեմբերէն առաջ ալ քանի մը անգամ արդէն յիշած էին, թէ իրենք փոքրամասնութի՛ւն էին։ Պատերազմի շրջանին, զինուորական ծանր պարտականութեան կոչուած 15 դասակարգերը, կամ անարդար ու անխիղճ կերպով գործադրուած ունեւորութեան տուրքը, այն գլխաւոր պատահարներն էին, որոնք փոքրամասնութիւններուն հաւատքը փորձութեան ենթարկեցին այս երկրին մէջ։ Իւրաքանչիւր պատահարէ ետք արտագաղթի շարժում մը ծայր կու տար, բայց ճշմարտութիւն էր, որ շատեր ալ կը նախընտրէին մնալ ու ապրիլ Թուրքիոյ մէջ եւ՝ մոռնալ եղածը։
Բայց այս մէկը պիտի չմոռցուէ՛ր։ 6-7 Սեպտեմբերի գիշերուան պատահարը, խորքին մէջ, քաղաքական ցոյց մը չէր, այլ թալանի ու քանդումի ախորժակի մը դրսեւորումն էր։ Այն քաղաքացիները, որոնք 7 Սեպտեմբերի առաւօտ տեսան վիճակը մասնաւորաբար Թաքսիմի ու Կալաթասարայի պողոտաներուն, որոնք իրենց կարգին անանցանելի դարձած էին՝ խանութներէ դուրս բերուած ու փողոց թափուած իրեղէններով, մինչեւ իրենց կեանքի վերջը պիտի չկարենային մոռնալ այդ տեսարանները։
Ամէն տարի, 6-7 Սեպտեմբերին, հաւաքոյթներ կը կազմակերպուին, բանախօսութիւններ կը սարքուին, կը դատապարտուին այդ գիշերուան պատահարներու յայտնի կամ անյայտ կազմակերպողներն ու գործադրողները։ Այս տարի եւս նոյնը պիտի պատահի։ Մարդիկ անգամ մը եւս պիտի յիշեն։
Բայց, մոռցա՞ծ էին միթէ…
«ՄԱՐՄԱՐԱ»
6 Սեպտեմբեր 2018