ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ պատգամաւոր Ռուզան Առաքելեան Չորեքշաբթի, 12 Սեպտեմբերին, Ազգային ժողովին մէջ, սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանին հարցուց անոր Սփիւռքի համայնքներու մէջ ներկայացուցիչներ նշանակելու մասին մտադրութեան մասին:
Պատգամաւորը հարցուց, թէ ի՛նչ գործառոյթներ պիտի ունենան այդ անձերը, եւ այդ պարագային ինչո՞վ պիտի զբաղին դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:
«Նախկին իշխանութիւնների օրօք Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները սահմանափակուել են բացառապէս Սփիւռքից նիւթական աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքներով: Այսօր նոր կառավարութիւնը բոլորովին նոր որակի մօտեցում ունի: Մենք գտնում ենք, որ երկկողմ փոխշահաւէտութեան հիմքի վրայ պէտք է դրուեն յարաբերութիւնները: Այսօր մենք ստեղծելու ենք մի պետութիւն, որը կանգնած է լինելու Սփիւռքի թիկունքին:
Ինչ վերաբերում է իմ յայտարարութեանը՝ կապուած մեր ներկայացուցիչների հետ, մեր նախարարութիւնը քննարկումների մէջ է արտաքին գործոց նախարարութեան հետ: Դիւանագիտական կորպուսների գործառոյթներից չի բխում ներհամայնքային կեանքին խառնուելը, այլ գործառոյթներ ստանձնելը: Մեր պայմանական ասած ատաշեները (կցորդները-Խմբ.) զբաղուելու են բացառապէս համայնքային խնդիրներով, գնալու են դպրոցներ, հասկանալու են ներհամայնքային խնդիրները», ըսաւ նախարարը:
Լա՛ւ. «գնացին դպրոցներ», «հասկացան ներհամայնքային խնդիրները»: Յետո՞յ: Առաւել եւս, պր. նախարար, ինչո՞ւ անընդհատ պարտաւոր կը զգաք բաղդատելու ձեր նախարարութեան ԸՆԵԼԻՔը՝ նախկինի ԸՐԱԾին հետ: Թո՛ղ որ քիչ մըն ալ ձեր գործերը խօսին, ո՛չ ձեր լեզուները: