ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոլ Քոլ».- Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը Սեպտեմբեր 24ին, տեղեկութիւններ ծածկելու յանցանքով պաշտօնապէս ամբաստանեց Միացեալ Նահանգներու մէջ իբրեւ ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն արձանագրուած Հիւսթընի մէկ հաստատութեան ղեկավար Քեմալ Քեւըն Օքսուզը, որ ստած էր 2013ին խումբ մը ամերիկացի քոնկրեսականներու Ատրպէյճան կատարած այցելութեան մասին հետախուզութեան ընթացքին։
Արդարեւ, Օքսուզ փորձած էր ծածկել այն իրողութիւնը, թէ 10 քոնկրեսականներու եւ անոնց մօտաւորապէս 30 օգնականներու կատարած Ատրպէյճան այցելութեան բոլո՛ր ծախսերը հոգացած էին Ատրպէյճանի իշխանութիւնները։ Ան նաեւ շինծու «փաստաթուղթեր» պատրաստած էր՝ ծածկելու համար վճարումներուն իսկական աղբիւրը, որ Ատրպէյճանի Պետական քարիւղի ընկերութինն էր։
Նշենք, որ ամերիկեան քաղաքացիութիւն ստացած Օքսուզ, անցեալ ամիս ձերբակալուած էր Հայաստանի մէջ։ Հայաստանի գլխաւոր դատախազութիւնը անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու իրաւասու մարմիններէն ստացած էր դիմում մը՝ ազգութեամբ թուրք հակահայ լոպիիստ Օքսուզը արտայանձնելու վերաբերեալ:
Օքսուզ Հայաստանի մէջ եւս հակաօրինական գործունէութիւն ծաւալած է: Արդարեւ, Հայաստանի մէջ անոր հիմնած «The Sena Group» ընկերութիւնը խուսափած է հարկեր վճարելէ: