ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսահայ գաղութին ծանօթ, հայերէնի ուսուցչուհի Սեւան Նազարեան գեղեցիկ գաղափարը ունեցաւ տարիներու ընթացքին իր որդեգրած դասաւանդման եղանակը փորձարկելէ ետք, թուղթին յանձնելու փոքրիկներուն համար գրքոյկ-աշխատութիւն մը՝ «Գիր-Բառ-Խօսք» խորագիրով:
Նկարազարդուած եւ երախաներուն մատչելի չեւով ներկայացուած այս հրատարակութիւնը ուղղուած է հայերէնի ուսուցիչներուն, դաստիարակներուն եւ կրթական պատասխանատուներուն:
Զայն ստանալու համար կարելի է դիմել հետեւեալ ե-նամակի հասցէին՝ sevannazarian12@gmail.com