Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց նոր կուսակցութիւն հիմնելու իր մտադրութեան մասին:
«Ես շատ լուրջ բաց կը տեսնեմ ընդդիմադիր դաշտին մէջ եւ կը կարծեմ, որ այդ բացը պէտք է լեցնել՝ յանուն երկրի շահերուն», ըստ «Մետիամաքս»ի՝ ըսած է Ռոպերթ Քոչարեան «Ռիա Նովոսթի»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին։
Խօսելով յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասին՝ նախկին նախագահը ընդգծեց, որ պարզապէս անոնց մասնակցելու ժամանակ չունի:
«Ես անկուսակցական էի: Այդ կը նշանակէ, որ ես պէտք է զերոյէն կուսակցութիւն հիմնեմ, այլ ոչ թէ վերականգնեմ այն, ինչը կար: Եւ ես պիտի փափաքէի ընտրութիւններուն մասնակցիլ նոր, թարմ կազմի հետ: Սովորաբար որո՞նք են առաջին քայլերը, երբ կը փափաքիս խումբ հաւաքել: Դու ուշադրութիւն կը դարձնես այն մարդոց վրայ, զորս կը ճանչնաս եւ շրջապատին վրայ, որուն հետ դուն շփուած ու աշխատած ես», յայտնեց Քոչարեան:
Ըստ անոր՝ միւս կողմէ, նկատի ունենալով ներկայի իրավիճակը, անհրաժեշտ է ներգրաւել նոր, տաղանդաւոր, երիտասարդ եւ աշխոյժ մարդիկ:
«Ոմանք, անշուշտ, պէտք է ըլլան հին խումբէն՝ մարդիկ, զորս կը ճանչնաս եւ որոնց հետ աշխատած ես: Սակայն, վերջապէս, անհրաժեշտ է հիմնուիլ նոր սերունդին վրայ, բան մը՝ որ դիւրին չէ եւ ժամանակ կը պահանջէ», եզրափակեց Քոչարեան: