(Ծնեալ՝ 1926ին, Պուրճ Համուտ, Լիբանան)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք 2010 տարեշրջանի ՀՄԸՄի 35րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերու պատուոյ նախագահ Ճորճ Ժամկոչեանի մահը, որ պատահեցաւ Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2018ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Տան կարգը տեղի պիտի ունենայ Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 24, 2018ին, երեկոյեան ժամը 6-9, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of Recessional մատրան մէջ։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 25, 2018ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Glendale Forest Lawn գերեզմանատան Church of Recessional մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու
Շրջանային Վարչութիւնը
Շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ՀՄԸՄի Շրջանային Վարչութեան, Homenetmen Regional Executive Board 2324 Colorado Blvd., Los Angeles, CA 90041։
Ճորճ Ժամկոչեանի մահով, շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքը կորսնցուց նուիրեալ բարեկամ մը եւ հաւատաւոր համակիր մը, որ միշտ պիտի յիշուի բոլոր ՀՄԸՄականներուն կողմէ, յատկապէս Նաւասարդեան մարզախաղերու ընթացքին։ Յիշատակդ անթառամ սիրելի ՀՄԸՄի բարեկամ։