ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29ին, Լոս Անճելըսի «Հոլտինկ» սրահին մէջ, խումբ մը հրաւիրեալներու եւ լրագրողներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յայտնի ձեւաւորող Վիգէն Տէրտէրեանի եւ անոր գործակից Քիունկ Հուա Քիմի պատրաստած 2019ի աշնանային եւ ամառնային հագուստներու հաւաքածոյին ներկայացումը:
Նշեալ երկու ձեւաւորողներուն երրորդ համագործակցութեան արգասիքը հանդիսացող այս հաւաքածոն կը ցուցաբերէ անոնց ստեղծագործական իւրայատուկ ոգին, որ ազդուած է եւրոպական եւ ասիական ոճերէն։
Հաւաքածոն կը հանդիսանայ Վիգէն Տէրտէրեանի չորրորդը եւ անոր մէջ ակնյայտ է կերպասին ձեռագործներ միահիւսելու հնարքը, որ զգալիօրէն հարստացուցած է արտադրութիւնը։
Տէրտէրեանի ճարտարապետի արմատներէն եկող սահուն գիծերուն վրայ, Քիունկ Հուա Քիմ լաւապէս համադրած է հագուստներուն երեւոյթը մեղմացնելու իր ձիրքը, առաջնորդելով իւրայատուկ ձեւաւորումներու։
Վիգէն Տէրտէրեան եւ Քիունկ Հուա Քիմ առաջին անգամ հանդիպած են «Արուեստի ակադեմիա» համալսարանին մէջ եւ շրջան մը աշխատած են նաեւ «BCBG Max Azria» նորաձեւութեան հաստատութեան մէջ։
Վիգէն Տէրտէրեան կը ծրագրէ իր յաջորդ ցուցադրութիւնը իրականացել Հայաստանի մէջ, Նոյեմբեր ամսուան ընթացքին։
Փասատինա ծնած եւ հասակ նետած Վիգէն Տէրտէրեան Հարաւային Քալիֆորնիոյ Ճարտարապետութեան հիմնարկէն իբրեւ ճարտարապետ վկայուած, ապա «Արուեստի ակադեմիա» համալսարանի նորաձեւութեան բաժանմունքէն մագիստրոսի վկայական ստացած է։ Ան իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած էր «BCBG Max Azria»ի մէջ, իսկ 2014ին հիմնտած էր իր անունը կրող նորաձեւորութեան հաստատութիւնը։
(Քաղուած Լանա Քրափիվինայի թղթակցութենէն)