ՖՐԵԶՆՕ.- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 1ին, երեկոյեան ժամը 7։30էն սկսեալ, յայտնի պատմաբան փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Ֆրեզնոյի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրէղեան» Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ (2348 Ventura St., Fresno, CA 93721) պիտի ներկայացնէ՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւն. Յանդուգն Նախաձեռնութիւն Մը, 1918-2018» նիւթով դասախօսութիւնը։
Ձեռնարկը կը համահովանաւորեն՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրը, ՀՄԸՄի Ֆրեզնոյի «Սասուն» մասնաճիւղը եւ Համազգայինի Ֆրեզնոյի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղը եւ նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին։
Դասախօսը պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ անոր իրագործումները, լուսանկարներու եւ քարտէսներու ընկերակցութեամբ։
Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան մօտաւորապէս 50 տարի դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ իր անունով: Ան նաեւ հեղինակն է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան նուիրուած քառահատոր աշխատասիրութեան եւ շարք մը հատորներու, ինչպէս նաեւ համալսարանէն ներս կազմակերպած է գիտաժողովներու շարք մը՝ նուիրուած պատմական Հայաստանի քաղաքներուն եւ նահանգներուն: Ան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ շքանշաններու:
Դասախօսութեան մուտքը ազատ է։
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը։