ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեանի համաձայն՝ Պաքուի թափ առնող ռազմատենչութիւնը կը պահանջէ աւելիով ամրապնդել թիւ 907րդ բանաձեւը, որ կ՛արգիլէ ատրպէյճանական բանակին ռազմական կամ երկակի նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու վաճառքը:
Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային ապահովութեան հարցերու խորհրդական Ճան Պոլթընի Երեւան այցելութենէն իր տպաւորութիւններուն մասին հարցումին, Համբարեան ներկայացուց Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին դիտարկումները՝ Քոնկրեսին կողմէ 1992ին վաւերացուած «Ազատութեան աջակցութեան» որոշումին 907րդ բանաձեւին հաւանական փոփոխութեանց մասին՝ ըսելով. «Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յամառօրէն կը պահանջէ 907րդ բանաձեւով սահմանուած սահմանափակումներու պարտադիր կիրառումը Ալիեւի վարչակազմին դէմ, յատկապէս Պաքուի աճող յարձակողապաշտութեան լոյսին տակ, նոյն ժամանակ կոչ կ՛ընէ Սպիտակ տան՝ դադրեցնելու այդ օրէնքը չկիրառելու ջանքերը»:
Ըստ Համբարեանի‘ Հայ Դատը ուշի ուշով կը հետեւի սպառազինութիւններու արտածման եւ երրորդ կողմերու միջոցով Ատրպէյճանին կատարած ռազմական գնումներուն։
Յիշեցնենք, որ տարիներ շարունակ ատրպէյճանական դիւանագիտութիւնը կը փորձէ ջնջել տալ, կամ տկարացնել 907րդ բանաձեւը:
Համբարեան նաեւ յատկանշական համարեց, որ Պոլթըն՝ հետեւելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, ողջունած է Հայաստանի մէջ կատարուած խաղաղ, ժողովրդավարական եւ սահմանադրական անցումը:
«Առերեւոյթ դուրս մղելով Քլինթընի, Պուշի եւ Օպամայի վարչակազմերուն համար ամենաբարձր առաջնահերթութիւն համարուող Արցախի հիմնահարցի լուծումը՝ որպէս տարածաշրջանին մէջ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը նուազեցնելու միջոց, Պոլթըն գոնէ հրապարակայնօրէն ընդգծեց Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման օգուտները՝ Իրանի մեկուսացման ուղղուած Ամերիկայի ջանքերուն համար: Մենք կրնանք Արցախի հարցով դիւանագիտական տեղաշարժ ակնկալել, ինչ որ հաւանաբար նախանշուեցաւ Արցախի տարածքին վերադարձի վերաբերեալ Հայաստանի մօտ դեսպանի իր առաքելութիւնը աւարտող Ռիչըրտ Միլզի անողոք յայտարարութեան մէջ: Պատերազմին միշտ պատրաստ պէտք է ըլլանք», նկատեց Արամ Համբարեան:
Ան մատնանշեց, որ Պոլթըն նաեւ խօսած է Հայաստանին զէնք վաճառելու ամերիկեան պատրաստակամութեան մասին, ինչ որ, շատ հաւանաբար տեղի կ՛ունենայ Ատրպէյճանին զէնք վաճառելու պարունակէն ներս: «Վտանգը այն է, որ Ատրպէյճան իր ռազմական ամավարկով կրնայ ձեռք բերել աւելի կատարելագործուած ամերիկեան զէնքեր, քան Հայաստան՝ յառաջացնելով անհաւասարակշռութիւն թէ՛ ռազմադաշտին վրայ եւ թէ զէնք արտադրող ամերիկացիներու (եւ անոնց քաղաքական դաշնակիցներու) հետ յարաբերութիւններուն մէջ: Հոս յոյժ կարեւոր է առաջնորդուիլ իմաստութեամբ», աւելցուց ան:
Արամ Համբարեանի համաձայն՝ Պոլթըն նաեւ ազդարարեց Իրանի նկատմամբ խստագոյն պատժամիջոցներու գործադրման մասին, սակայն մեղմացուց պատժամիջոցներու վերաբերեալ խօսակցութիւնը՝ տարածաշրջանային գործընկերները վնասելէ զերծ մնալու համար: «Բայց սատանան, անկասկած, մանրուքներուն մէջ է: Հայ Դատի յանձնախումբը կը շարունակէ հետեւիլ այդ զարգացումներուն, վստահ ըլլալու համար, որ այս այցելութենէն ետք հայկական ծագումով ամերիկացիներու տեսակէտներն ու արժէքները Ուաշինկթընի մէջ այս քննարկումներուն մաս կը կազմեն», ըսաւ ան: