Ընթացքի մէջ է Գտչավանքի վերականգնման գործընթացը, ըստ «Արցախփրէս»ի՝ 25 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեան՝ մանրամասնելով, որ պետական ամավարկին նախագիծով համապատասխան գումարը արդէն յատկացուած է, որպէսզի Գտչավանքի ներքին յարդարման եւ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները հասցնին աւարտին:
Անդրադառնալով Արցախի տարածքին գոյութիւն ունեցող շարք մը այլ պատմամշակութային յուշարձաններու պահպանման հարցին՝ նախարարը նշեց, որ տեղի ունեցած է յուշարձաններու դիտարկում, ստուգուած է Ասկերանի, Հադրութի, Մարտակերտի, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու շարք մը յուշարձաններու պահպանման վիճակը:
«Յայտնաբերուած են բազմաթիւ յուշարձաններ, որոնց մէջ նաեւ՝ Մարտակերտի շրջանին մէջ գտնուող Վահանպէյի կամուրջը: Կազմուած է նախագիծ՝ յետագային զայն ամրակայելու եւ վերականգնելու համար: Ընթացքի մէջ են Հադրութի շրջանի Ծակուռի գիւղի եկեղեցւոյ վերականգնման աշխատանքները:
Ըստ Լեռնիկ Յովհաննիսեանի՝ քննարկուած են Դադիվանքի մոմատան վերականգնման, Դադիի եկեղեցւոյ ծածկի տեղադրման, օժանդակ ճանապարհի կառուցման եւ տարածքի բարեկարգման, Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ տանիքի նորոգման, ինչպէս նաեւ Հադրութի շրջանի Տող գիւղի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ վերականգնման նախագիծերը: Նոյն ժամանակ քննարկուած է Հունոտի կիրճ արգելոցի տարածքին գտնուող պատմական կամուրջի էսքիզային նախագիծը:
Բացի նշեալներէն, մաքրութեան աշխատանքներ տարուած են Տիգրանակերտի արգելոցի տարածքին, Բովուրխանի վանքի, ինչպէս նաեւ Աւետարանոցի ու Խնապատի պատմական գերեզմաննոցներուն մէջ: Ընթացքի մէջ են եւ շուտով կ՛աւարտին Մոշխմհատի Ղեւոնդաց վանքի, Շահմասուրի եւ Գառնաքարի գերեզմաննոցներու մաքրութեան աշխատանքները:
Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ գերատեսչութիւնը արդիւնաւէտ կերպով կ՛աշխատի «Թուֆէնքեան» բարեգործական հիմնարկին հետ. անոր միջոցներով ներկայիս կը վերականգնի Քաշաթաղի շրջանի Հոչանց գիւղի եկեղեցին: