ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Լիբանանի մէջ, աւանդութիւն դարձած էր ամէն տարի, Յուլիս ամսուան վերջին շաբաթավերջը, ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններու ընդհանուր բանակում կազմակերպելը՝ Այնճարի մէջ նշելու համար Խանասորի արշաւանքը:
«Կարկուտ տեղաց, Խանասորայ դաշտումը»…
ՀՅԴ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնը (ԼԵՄը) գոյութիւն չունէր այդ տարիներուն: Կային պատանեկան միութիւններ, որոնք ԼԵՄի նման երկսեռ չէին:
Հաւանաբար 15 կամ 16 տարեկան էի: Դարձեալ Այնճար կը գտնուինք: Մեր բանակավայրը Խանասորի դաշտը կը յիշեցնէր, սակայն քիւրտերու մազրիկ ցեղի փոխարէն՝ մեր վրանները կը նմանցնէի Սարդարապատի հայոց կամաւորական գունդերու վրաններուն, որոնց մասին նոր կարդացեր էի Մալխասի «Զարթօնք» հատորին մէջ:
Այնճարը միշտ փոքրիկ Հայաստան մը եղած է, իսկ՝ Արարատը տեսնելը միայն երազ էր այդ տարիներուն: Մեր հայրենիքը «երկաթէ վարագոյր»ի ետին էր, իսկ Արարատը բռնագրաւուած՝ Ա-րեւմտեան Հայաստանի մէջ ցեղասպան թուրքին կողմէ: Արարատին ծանօթ էինք միայն նկարներով:
Սփիւռքի մէջ ունինք շարք մը «Հայաստաններ»՝ Այնճարը, Քեսապը, իսկ Պուրճ Համուտը՝ երկրորդ «Կիլիկիա» մըն է:
Սփիւռքի մէջ հայկական անուններով թաղերն ու փողոցները բազմաթիւ են, սակայն միայն մէ՛կ Արարատ լեռ գոյութիւն ունի՝ իր փէշերը հպարտօրէն երկարած Արարատեան դաշտին:
Այնճարը այդ օր Խանասորի դաշտն էր, նաեւ՝ Սարդարապատ, իսկ կողքի չոր ու քարքարոտ լեռը՝ երեւակայական Արարատ մը: Քանի մը ընկերներով որոշեցինք բարձրանալ անոր գագաթը:
Անփորձ պատանիներ էինք եւ հետերնիս խմելիք ջուր առնելու մասին չէինք մտածած:
Առաջին անգամն էր, որ լեռ կը բարձրանայինք եւ բազմիցս այն տպաւորութիւնը ունեցանք, որ շուտով պիտի հասնինք գագաթը, սակայն որքան կը յառաջանայինք, այնքան մեզմէ կը հեռանար այն վայրը, որ Արարատի ձիւնածածկ գագաթին հետ ոչ մէկ նմանութիւն ունէր:
Քանի մը անգամ կանգ առինք՝ քիչ մը հանգստանալու: Յոգնութենէն աւելի՝ ծարաւը կը նեղէր մեզ: Չկար որեւէ ծառ, որուն շուքին տակ կարենայինք հանգչիլ:
Այնճարի տափարակ հողակոյտին վրայ բանակավայրի վրանները սկսած էին փոքրանալու: Նախապէս հեռուէն լսուող անհասկնալի ձայները լռած էին, ինչ որ կարծել կու տար, որ բաւական յառաջացած ենք եւ շուտով պիտի հասնինք գագաթին:
«Պիտի հասնինք, սրբազան լե՛ռ կատարիդ» (Անդրանիկ Ծառուկեան):
Հայը յուսահատիլ չի գիտեր, սակայն այդ օր յուսահատեցանք, եւ հաւանաբար տակաւին նոյնիսկ լերան կէսը չհասած՝ որոշեցինք վերադառնալ: Յոգնութենէն աւելի՝ ծարաւն էր մեր վերադառնալու որոշումին պատճառը:
Վերադարձանք: Վերադարձանք յուսալքուած, սակայն բանակավայրի մեր ընկերներէն ո՛չ ոք իմացաւ, թէ ո՛ւր գացած էինք այդ քանի մը ժամուան ընթացքին:
Հայաստան վերանկախացած է: Մեծ թիւով հայեր, ներառեալ՝ այս տողերը գրողը, կ՛այցելեն մեր ազատ, անկախ Հայաստանը եւ մեր աչքերով կը տեսնենք, ժամանակին մեր երեւակայութեան մէջ դրոշմուած Արարատը:
Իւրաքանչիւր հայրենիք այցելողի երազն է տեսնել Արարատ լեռը, հոգ չէ թէ՝ հեռուէն:
«Ես Մասիսը չտեսայ» (Մուշեղ Իշխան):
Մեծանուն բանաստեղծը աչքերը յաւիտենական փակեց նախքան Արարատն ու Մասիսը տեսնելը:
Ես Մասիսը տեսայ: Սիրելի՛ ուսուցիչս, քեզմէ աւելի բախտաւոր կը նկատեմ ինքզինքս, սակայն կան ինձմէ աւելի՛ բախտաւորները:
- 27 տարի անցած է մեր հայրենիքի անկախացման թուականէն:
Խումբ մը երիտասարդներ, Երեւանի մէջ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած տօնակատարութենէն ետք, թի-ւով 22 տղաք ու աղջիկներ, Վրաստանի ճամբով կ՛ուղղուին դէպի Արեւմտեան Հայաստան: Կը հասնին Կարս, կ՛այցելեն քանի մը հայկական եկեղեցիներ, որոնք մզկիթի վերածուած են, ապա կ՛ուղղուին դէպի Անիի աւերակները, ուր ժամանակին գոյութիւն ունեցած են 1001 եկեղեցիներ, ներկայիս՝ բոլորը աւերակ վիճակի մէջ, ապա կը շարունակեն իրենց ճամբան, 1001 դժուարութիւններով կը բարձրանան Արարատ լեռը եւ անոր գագաթին կը զետեղեն եռագոյն դրօշը:
Ընկերներս ու ես, Արարատէն շատ աւելի փոքր լերան գագաթը չհասած, գլխիկոր վերադարձանք: Ինչպէ՞ս չհիանամ այդ խումբ մը երիտասարդներուն վրայ, որոնք, դիմագրաւելով ամէն դժուարութիւն, անտեսելով թուրք զինուորներու կոպիտ վերաբերմունքը՝ հասան Արարատի սուրբ գագաթը։
Եռագոյն դրօշը զետեղեցին գագաթին: Վերադարձին՝ Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ միաբերան, բարձրաձայն աղօթեցին «Հայր Մեր»ը: Կարեւորութիւն չտուին թուրք զինուորներու բիրտ միջամտութիւններուն: Նկարեցին մեր սրբութիւնները եւ անմիջապէս համացանցով ուղարկեցին իրենց բարեկամներուն, որպէսզի, բջիջային հեռաձայնները թուրք զինուորներու կողմէ գրաւուելու պարագային, գէթ ազատեն նկարները, որոնք շատ աւելի արժէք կը ներկայացնեն, քան՝ այդ նկարները առնող գործիքը:
Անփորձ պատանիներ էինք: Կեանքի դժուարութիւններու տակաւին չէինք հանդիպած եւ շատ շուտ յուսահատեցանք: Գագաթը չհասած՝ գլխիկոր վերադարձանք:
ՀՄԸՄական երիտասարդները, «Բարձրացի՛ր, բարձրացուր» նշանաբանին հետ միատեղ, նաեւ դաստիարակուած են, որ պէտք չէ յուսահատին:
«Երբ ալեկոծ ծովու վրայ
Իմ մակոյկս խորտակուի,
Եւ փրփրադէզ ալեաց մէջը
Ես իմ յոյսը չեմ կտրի» (Սարգիս
Կուկունեանի յիշատակին):
Երբեմն կը մտածեմ, որ Այնճարի «Արարատը» բարձրանալու փոխարէն, եթէ օր մը փորձէինք բարձրանալ իսկական Արարատը, շատ հաւանաբար մեր ուղեւորութիւնը պիտի շարունակէինք եւ հասնէինք մինչեւ գագաթ: Արարատի մագնիսական ուժը մեզ պիտի առաջնորդէր, եւ կէս ճամբէն վերադառնալու պարագային, այն տպաւորութիւնը պիտի ունենայինք, որ Արարատը լեզու առած՝ մեր երեսն ի վեր պիտի գոռար.
«Ամօ՛թ ձեզի: Այսքան շո՞ւտ կը դասալքուիք»:
Արարատը լոկ լեռ մը չէ: Սրբութիւն է, որ յոյս ու կորով կը ներշնչէ բոլոր այցելող հայերուն եւ անհամբեր կը սպասէ իր ազատագրութեան պատմական օրուան:
Արարատի ծեր գմբեթից
Դար է եկել, վայրկեանի պէս,
Ու անցել:
Անհուն թիւով կայծակների
Սուրն է բեկուել ադամանդին,
Ու անցել:
Մահախուճապ սերունդների
Աչքն է դիպել լոյս գագաթին,
Ու անցել:
Հերթը մի պահ քոնն է հիմա
Դու էլ նայիր սէգ ճակատին,
Ու անցիր…
ԱՒԵՏԻՔ ԻՍԱՀԱԿԵԱՆ