35 Տարիներ Շարունակ Ժողովուրդիս Հետ
ՄԱՐԱԼ ԹՈՒԼՈՒՄԵԱՆ
Հայ Օգնութեան Միութիւնը հիմնուած է Նիւ Եորք նահանգին մէջ, 1910ին, ընկեր Էտկար Ակնունիի կողմէ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ:
Հաւատքի ու նուիրումի տաճար մըն է կանացի այս միութիւնը, որուն կառչած են գաղթաշխարհի չորս ծագերուն ապրող հազարաւոր խաչուհիներ. անոնց սրտերը կը տրոփեն մեր ժողովուրդի ներկայ ու ապագայ մտահոգութիւններով ու ցաւերով:
Հայ Օգնութեան Միութեան այս տօնախմբութեան առիթով այսօր առաւելապէս հաղորդակից ենք ու ներշնչուած միութեանս անցեալի ու ներկայի բոլորանուէր աշխատանքներուն. կ՛ուզենք նաեւ հաղորդակից ընել մեր ապրումներուն այստեղ խմբուած մեր ազնիւ ու զոհաբերող հասարակութիւնը, այն հաստատ համոզումով, որ եթէ չ՛ըլլար անոր անվերապահ աջակցութիւնը եւ գուրգուրանքը մեր միութեան հանդէպ, անկարելի էր ապահովել այսքան պատասխանատու աշխատանքներու յաջողութիւնը:
Բուն բառով տարեդարձ մըն է ասիկա: Եւ սակայն, բառին բուն իմաստով լոկ տարեդարձ մը չէ պարզ ու հասարակ, այլ խորհուրդ մըն է, հայ կնոջ ու հայ մօր գորովագութ սիրտ ու առաքինի նկարագիրը ցոլացնող:
Մարդկային եւ ազգային մտահոգութիւններով, բարիին ու ազնիւին գիտակցութեամբ, տոկալու եւ ապրելու խոր համոզումով կազմակերպուեցաւ հայ կինը ամէն տեղ, եւ յաջողեցաւ ընկերային դաստիարակութեամբ զինել երէց եւ կրտսեր սերունդները:
Այս տօնախմբութիւնը խորհրդանիշն է հայ կնոջ ոգիին եւ նուիրումին: Հայ կինը ազգային գոյութեան ուխտը իրեն համար դարձուց աղբիւր ներշնչումի, իր շուրջ գոյատեւումի պայքարը մղող բոլոր ազգակիցներուն համար:
Արիւն չթափեց իր հերոս հայրերուն ու եղբայրներուն նման, սակայն արիւն ներարկեց: Երդիք տուաւ պանդուխտին, յոյս ներշնչեց լքուածներուն, լոյս ջամբեց մանուկ ու պատանի սերունդներուն, ու մանաւանդ ներշնչեց քաջութիւնը «ես հայ կին եմ» ըսելու, հպարտութիւնը՝ հայ մայր ըլլալու եօթը երկինքներու տակ ծնած ու մեծցած, ուսած եւ մայրացած հայուհիին: Հայ Օգնութեան Միութիւնը օգնեց բոլոր անոնց, որոնք պէտք ունէին բարոյական եւ նիւթական իր աջակցութեան: Օգնեց նախ ու ամէնէն աւելի հայ կնոջ տիպարին, ուր գիտցաւ դրականապէս պատասխանել հայ ժողովուրդի հաւաքական գոյութեան համար իրեն ուղղուած կոչերուն. յանձնառութիւններ եւ պատասխանատուութիւններ ստանձնեց, ընդառաջեց ժանտ վտանգներու դէմ պայքարելու հրաւէրին, արժեցուց վստահութիւնը ցիրուցան մեր բեկորներուն, ու հայուհին մղեց հայօրէն ու մայրօրէն կազմակերպուելու հրամայականը փաստի վերածելու:
ՀՕՄի բարեսիրական աշխատանքը ճիգ է ու քրտինք, հեւք է ու մաշում, նուիրում է ու ծառայութիւն, սէր է ու գուրգուրանք, վազք է կարօտեալէ կարօտեալ, պրկուած աշխատանք է եւ անսակարկ զոհաբերում: Փրկութեան ճիգ է եւ գոյութեան կռիւ: Ուսման ծարաւ է եւ ստեղծագործ տենդ: Հայ դարմանատուն է, հայկական ճամբար, շաբաթօրեայ կամ միօրեայ հայ վարժարան: Լաստ է նաւարկութեան մէջ, ու հովանի ազնիւ եւ շինարար գործունէութեան կոչուած ուխտեալներու:
Անանուն հերոսներու եւ խոնարհ մեծերու անթիւ բանակ մը եկած է ծառայելու ՀՕՄի դրօշին տակ. տքնած է լուռ եւ գոհացած է հոգեկան բաւարարութեան զգացումով:
Անոնք շարան-շարան եկան ու անցան, գործեցին հաւատքով ու ապրումով, ծառայեցին յօժարակամ եւ անշահախնդիր, փառք դաւանելով անաղմուկ բարիքը եւ անտրտունջ յոգնութիւնը:
Յարգանք իրենց գործին եւ յիշատակին:
Բայց ահաւասիկ, տօնախմբութիւններու ցանկին տակ կը շարուին նոր թուականներ, որոնք խօսուն, շարժուն, կենդանի իրականութեան մը տրոփուն բազկերակն են. անոնք կու գան վկայելու, թէ գոյութիւն ունի ներկայ մը, շնչող, ապրող ներկայ մը, որ իր սեփական աճումին տարիները կը գումարէ:
Ծաղկումը սկսաւ ամերիկայի ընդարձակ հողամասին վրայ, ուր ՀՕՄը նահանգ առ նահանգ, հիմնեց մասնաճիւղեր: Հետզհետէ նեղ առուակները դարձան վտակներ, եւ վերածուեցան հայաշատ գաղութներու ծոցին մէջ, լայն ու հուժկու գետերու, որոնց ծանօթ էք, քանի որ այդ գետերէն են կենսառատն ու հրաշալին, որ կը կրէ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջան անունը:
Վտիտ այս կազկմակերպութիւնը, որ ծնաւ խումբ մը հայրենասէր այրերու եւ կանանց գեղեցիկ երազին մէջէն շնորհիւ ժրաջան եւ գաղափարական վարիչներու անդուլ աշխատանքին եւ զոհողութեան ոգիին, տարիներու ընթացքին դարձաւ հաստարմատ կաղնի՝ իր հովանիին տակ առնելու համար չքաւորներու ու կարօտեալներու զանգուածը, լուսածարաւ հայորդիներու բանակը, որ հայեցի շեշտուած նկարագիրով դաստիարակուեցաւ ՀՕՄի նիւթական եւ բարոյական հոգածութեամբ:
ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանը 1984էն ի վեր գործեց ստիպողական պարագաներու մէջ, նորանոր օրակարգերը եւ անոնց պարտադրած հրամայականները, երբ անակնկալօրէն խուժեցին մեր իրականութեան մէջ, ՀՕՄական հայուհին չտագնապեցաւ երբեք աշխատանքի տարողութենէն եւ չյուսահատեցաւ լեռնացող կարիքներուն դիմաց, ընդհակառակն՝ Արցախէն հնչող ազատագրական պայքարի շաչիւններուն, Լենինականի երկրաշարժի քանդումներուն եւ հայրենիքէն ղօղանջող անկախութեան զանգերուն ՀՕՄը անվարան արձագանգեց՝ կազմակերպելով դէպի հայրենիք օժանդակութեան հսկայական գործը՝ հասնելով իր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:
Անոնք ստացան այն, ինչը անհրաժեշտ էր փրկելու համար ոչ միայն մարմին՝ այլեւ հոգի, միտք, կամք, հաւատք: Որովհետեւ ընծայողները եղան իր ազգակիցները նոյնպէս տարագիր, իսկ հայթայթողներն ու բաշխողները եղան ցեղին մայրերն ու քոյրերը՝ ինկան տունէ տուն, քաղաքէ քաղաք, երկրէ երկիր, որովհետեւ անյայտ սեւ աշխատանքով եւ անվերջ մաշումով հաւաքող ՀՕՄուհիները գիտցան բաշխել նիւթին հետ, իրենց սիրտին գորովը, ձեռքերուն գգուանքը, ձայնին սփոփանքը, հոգիին գուրգուրանքը եւ սիրոյ հրաշքը:
Այսօր Արեւմտեան շրջանը 35 տարիներու պայքարին եւ նուաճումներուն յաղթանակի կամարը կը ծաղկազարդէ: Այս տօնախմբութիւնը կը հաստատէ, թէ հայ կիներու ուխտեալ բանակ մը ինքզինք նուիրած է քու փրկութեան գործին եւ տասնամեակներէ ի վեր եղած է քու դժուարութինններու խաչակիրը, որպէսզի դո՛ւն՝ հա՛յ ժողովուրդ, դաժան ճակատագիրին առաջ ծունկ չչոքիս:
ՀՕՄի բեղուն գործունէութեան երախտիքի եւ հպարտութեան իր արդար բաժինը ունի անկասկած ժողովուրդը մեր սիրելի, եթէ ՀՕՄուհիները իրենց անսակարկ եւ սրբազան սիրով այս գործը նուիրաբերեցին վայելեցին բազմահազար հայորդիներուն անվերապահ բարերարութիւնը, եւ մանաւանդ վայելեց ամբողջական պաշտպանութիւնը ու գուրգուրանքը զինք ծնող կուսակցութեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, առանց երբեք հատուածական կամ խտրական ըլլալու:
Այս տօնախմբութիւնը մեր անդամուհիներուն խոր գոհունակութիւն եւ պարծանք պիտի պատճառեն՝ առաւել եւս հրահրելով անոնց եռանդը՝ դէպի գործ եւ նուիրում: Շրջանային վարչութիւնը անցնելով դժուարին հանգրուաններէ, ապրելով շատ տագնապալի օրեր այսօր հպարտ ու բաց ճակատ կը ներկայանայ իր ժողովուրդին իբրեւ կանացի հզօր կազմակերպութիւն՝ իր Հոգեբանական կեդրոնով, Ընկերային ծառայութեան 4 գրասենեակներով եւ ժրաջան պաշտօնեաներով , Շրջանային վարչութեան գրասենեակի նուիրեալ անձնակազմով, 16 միօրեայ վարժարաններով եւ 3 մանկամսուրներով, 600 սիրասուն աշակերտներով ու 70 հաւատաւոր ուսուցչական կազմով, 4 նահանգներու մէջ աշխուժօրէն գործող 26 մասնաճիւղերով եւ 1200 ուխտեալ կամաւոր անդամներով:
Առաւել քան հպարտ ենք այս պահուս, ու մեր սիրտերը ուրախութեամբ կը լեցուին՝ տեսնելով այսքան ջանք ու նուիրում, տասնեակ տարիներու ընթացքին կատարուած անգնահատելի ու անչափելի մեր աշխատանքին տարողութիւնը:
Ապրիք դուք հայ տիկիններ եւ օրիորդներ, որ դարերու ընդմէջէն վերակենդանացուցիք ձեր պատմական «տիկնայք փափկասուն»ներու ազնուական ոգին, դառնալու համար սփիւռքահայ մեր հաւաքական գոյութեան գլխաւոր սիւներէն մէկը:
Հայ Օգնութեան Միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութեան անունով շնորհակալութիւն կը յայտնենք, կազմակերպիչներուն, հանդիսավարին, գեղարուեստական յայտագիրին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն, ՀՕՄի աշակերտներուն, Ռաֆֆի Կանումեանին եւ յատկապէս այսօրուան բեմի ընդհանուր ղեկավար՝ տիար Արիգ Գէորգեանին: Օգտուելով առիթէն՝ թոյլ տուէ՛ք սրտանց շնորհակալութիւն յայտնելու օրուան բանախօսին դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, որուն վաստակին առջեւ ամենայն յարգանքով կը կանգնինք:
Երախտագիտութեան խօսքեր կը յայտնենք իրար յաջորդող ղեկավարներուն, որոնք ոսկեղէն շղթայ մը կազմելով՝ միութիւնը պահած են առողջ ու անսասան:
Մենք յարգանք կը պարտինք մեր ազնիւ հովանաւորներուն:
Փառաւորելով հովանաւորներն ու նուիրատուները միայն զանոնք չէ, որ փառաւորած կ՛ըլլանք , այլ փառաւորած կ՛ըլլանք զանոնք կենսաւորող ոգին, փառաւորած կ՛ըլլանք բարին:
Սիրելի ներկաներ,
Հաւանաբար ամէն ինչ չըսուեցաւ մեր խօսքերուն մէջ կամ թերեւս պէտք եղած ձեւով չներկայացուեցան բազմաթիւ կէտեր, որովհետեւ ունինք այն տպաւորութիւնը, որ միութեանս իսկական ծառայութիւնը բարոյական եւ հոգեկան արժէք ունի առաւելապէս, ու կարելի չէ բառերու եւ թիւերու մէջ սեղմել մեր գործունէութեան ամբողջ կշիռը, սակայն վստահօրէն ի յայտ կը բերէ ազգային կարեւորութիւնը այն առաքելութեան, որուն կը շարունակենք հաւատալ եւ որուն կենսականօրէն պէտք ունի մեր ժողովուրդը:
Եւ այժմ պէտք է գործենք առաւել ուժական, միասնական, խելամիտ, հեռատես ու անմնացորդ նուիրումով, որովհետեւ կը ծառայենք անյաղթելի ու սիրելի ժողովուրդի մը:
Կեանքն այսպէս է նոր օր, նոր ցաւ, նոր ամեակ, նոր պայքար: Բայց քեզի համար վստահ ենք, որ նոր պայքար՝ ըսել է նոր յաղթանակ:
Այս ոգիով եւ թափով յառաջացող ՀՕՄը անկասկած պիտի տօնէ նոր ամեակներ, միշտ արժանանալով հայ ժողովուրդի եւ անոր առաջաւոր մտաւորականութեան գուրգուրանքին եւ քաջալերութեան՝ հաւատարիմ մնալով իր խորիմաստ նշանաբանին՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար»:
Շնորհակալութիւն: