ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 2015էն ի վեր, Արցախ հիւրընկալած է Պելճիքայի տարբեր մակարդակներու խորհրդարանականներէ կազմուած առաւել քան տասնեակ մը պատուիրակութիւններ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ՝ այս օրերուն Արցախ կը գտնուին Պելճիքայի խորհրդարանի անդամ, «Ռեֆորմիստներու շարժում» կուսակցութեան Միջազգային կապերու կոմիտէի նախագահ Ժան-Ժագ Ֆլաոն եւ անոր տեղակալ Ճուլի Սզման:
Հոկտեմբեր 30ին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան հանդիպեցաւ պելճիքացի խորհրդարանականին ու անոր տեղակալին հետ եւ անոնց քննարկեց Արցախի հետ հնարաւոր համագործակցութեան եւ Արցախեան հարցի մասին ճշմարտութեան տարածման վերաբերող հարցեր:
Հանդիպման ներկայ էին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեան:
Նոյն օրը, առաւօտուն, պելճիքացի խորհրդարանականները այցելեցին Ստեփանակերտի յուշահամալիրը, ծաղիկներ խոնարհեցին եւ յարգանքի տուրք մատուցեցին Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին:
Պելճիքացի Խորհրդարանականներուն ընդունած է նաեւ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան: