ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի դատախազութիւնը ընդառաջած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու իրաւապահներուն կողմէ հետախուզուողa ծագումով թուրք՝ ամերիկացի հակահայ լոպիիստ Քեւին (Քեմալ) Էօքսիւզը Միացեալ Նահանգներուն յանձնելու դիմումին:
Էօքսիւզ Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարանի 31 Օգոստոսի որոշումով բանտարկուած էր:
Էօքսիւզ Միացեալ Նահանգներու կողմէ միջազգային հետախուզման մէջ կը գտնուէր Ամերիկայի Ներկայացուցիչներու տան Բարոյագիտական յանձնաժողովի նիւթերը կեղծելու կամ պահելու մեղադրանքով. ան ապօրինի գործունէութիւն ծաւալած էր նաեւ Հայաստանի մէջ, ուր անոր հիմնած The Sena Group ընկերութիւնը խուսափած է հարկերէ:
What was that Armenian hater, kemal Eksuz doing in Armenia anyway?.
Where was the armenian intelligence when he enterd Armenia?
Where was the armenian intelligence anyway when Kemal Eskuz enterd Armenia in the first place?