30էն 31 Հոկտեմբեր, Արցախ կը գտնուէին Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի անդամ, «Բարեկարգչական շարժում» կուսակցութեան միջազգային կապերու յանձնաժողովի նախագահ Ժան-Ժագ Ֆլաոն եւ փոխնախագահ Ճուլի Սզման, որոնք Արցախ հասած էին ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի եւ յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Հեղինէ Էվինեանի ընկերակցութեամբ:
Արցախի մէջ պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ նախագահ Բակօ Սահակեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Արցախի Հանրապետութիւն–Պելճիքայի ֆրանսախօս օրէնսդիրներու, գիտական եւ հասարակական ոլորտներու ներկայացուցիչներու բարեկամութեան շրջանակի անդամներու հետ, այցելեց Ստեփանակերտի ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն, «Հալօ Թրասթ» կազմակերպութեան Արցախի գրասենեակ եւ 31 Հոկտեմբերին հանդէս եկաւ մամլոյ ասուլիսով:
Ասուլիսին սկիզբը Ժան-Ժագ Ֆլաոն նշեց, որ ուրախ է Արցախ գտնուելու եւ իրողութիւններուն անձամբ ծանօթանալու առիթին համար: Ան տեղեկացուց, որ Պելճիքայի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատունէն ելեկտրոնային նամակ ստացած է, ուր զինք «ահաբեկիչ» անուանած են։ «Ատրպէյճանի այս քաղաքականութիւնը հակառակ ազդեցութիւն պիտի ունենայ այն առումով, որ ես շատ աւելի պիտի սիրեմ Արցախի Հանրապետութիւնը, եւ աւելի պիտի ամրապնդուի անոր բարեկամը ըլլալու պատրաստակամութիւնս: Իսկ ինքզինք ժողովրդավար երկիր նկատող Ատրպէյճանի դեսպանատան կողմէ նման արձագանգ մը շատ զարմանալի է ու մտահոգիչ», ըսաւ Ֆլաոն:
Ան յանձնառութիւն ստանձնած է վերադառնալէ ետք նպաստել Արցախի մասին Պելճիքայի հասարակական եւ քաղաքական շրջանակները տեղեկացնելուն, որովհետեւ այս շրջանին մասին տեղեկացուածութիւնը այնտեղ բարձր մակարդակի վրայ չէ:
Ժան-Ժագ Ֆլաոն եւ Ճուլի Սզման առաջին անգամ ըլլալով կ՛այցելեն Արցախ՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին հրաւէրով: «Ուրախ եմ այս հիանալի երկիրը եւ ժողովուրդը բացայայտելու, իրականութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու համար: Բարձր կը գնահատեմ յառաջ շարժելու ձեր հաստատակամութիւնը», նշեց Ճուլի Սզման՝ աւելցնելով, որ Արցախի մէջ յատկապէս տպաւորուած է ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոնով, որմէ Պելճիքա կրնայ օրինակ առնել:
Պատասխանելով հաւանական համագործակցութեան մասին հարցումին՝ Պելճիքայի խորհրդարանի անդամը ընդգծեց բնական զբօսաշրջութեան գաղափարը, որուն կարելիութիւնը կու տան Արցախի մէջ գոյութիւն ունեցող մշակութային եւ կրօնական կոթողները:
Անոր համաձայն՝ Պելճիքա կը գտնուի Եւրոպայի սիրտին մէջ եւ միշտ փորձած է համախոհութեամբ լուծել բոլոր հարցերը։
«Իսկ 1 Յունուար 2019էն սկսեալ Պելճիքա ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ-մնայուն անդամ պիտի ըլլայ: Պելճիքայի վարչապետը եւ մեր կուսակցութեան անդամ արտաքին գործոց նախարարը պիտի աշխատին պատերազմական եւ սառած տագնապներու, որոնց կարգին նաեւ Արցախի հարցին շուրջ եւ պիտի փորձեն թեթեւցնել հակամարտող երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը եւ օժանդակել անոնց միջեւ տագնապի լուծման: Արցախի ժողովուրդը ինք պէտք է որոշէ, թէ կ՛ուզէ՞ անկախ մնալ, թէ միանալ Հայաստանին: Ատիկա ձեր իրաւունքն է, որուն մենք պէտք է զօրավիգ կանգնինք», ըսաւ Ժան-Ժագ Ֆլաոն: