ԾՈՎԻՆԱՐ ՀԱՑԱԳՈՐԾԵԱՆ
Շաբաթ, 13 Հոկտեմբերին, Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը մեծ շուքով նշեց Համազգայինի 90ամեակը եւ Տիթրոյթի մասնաճիւղին 50ամեակը, մասնակցութեամբ Համազգայինի «Արաքս» պարախումբին եւ սիրուած երգչուհի Սիպիլի, որ մասնաւորապէս ժամանած էր Պոլիսէն, ելոյթ ունենալու համար այս իւրայատուկ համերգին:
Ելոյթին բացումը կատարեց Համազգայինի Տիթրոյթի մասնաճիւղի ատենապետուհի Շողեր Ուրլեան, խօսքը ուղելով շուրջ 600 ներկաներուն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր բարերարներուն՝ անոնց աջակցութեան համար, ՀՅԴ «Ազատամարտ» կոմիտէին, որ թէ՛ բարոյապէս եւ թէ նիւթապէս, միշտ նեցուկ կանգնած է Համազգայինին:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Արեւիկ Գաբրիէլեան, որ նշեց, թէ Համազգայինի հիմնադիրներուն՝ Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի, Համօ Օհանջանեանի եւ Գասպար Իփէկեանի հեռատեսութեան շնորհիւ է, որ այսօր գոյութիւն ունի մշակոյթ, որ պէտք է պահպանուի ամէն գնով:
«Արաքս» պարախումբի 130 պարման-պարմանուհիները ներկայացուցին ճոխ յայտագիր մը՝ առաւել քան 25 հայկական աւանդական եւ ժողովրդական պարերով։ Անոնք նաեւ ընկերակցեցան Սիպիլին՝ պարելով անոր ձայնին մեղեդիով: