
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ, «Նոր Օր».- Հայ մշակոյթի ամսուան առիթով, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեանի, Երեմիա քհնյ. Խաչատրեանի եւ Սերովբէ քհնյ. Էյլէնճեանի այցելեց ՀԲԸՄի Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Յովսէփեան, Սահակ Մեսրոպ, Մերտինեան եւ Փոքրիկ Հրեշտակներ վարժարանները:
Սրբազանը հանդիպում ունեցաւ տնօրէններուն, ուսուցչաց կազմերուն, ինչպէս նաեւ աշակերտներուն հետ: Ան շեշտեց հայ դպրոցին կարեւորութիւնը, հայ ըլլալու վեհութիւնը եւ հայերէն խօսելու անհրաժեշտութիւնը: Խօսելով երախտագիտութեան մասին, սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց երախտագիտութիւն հասկացողութիւնը: Ան ընդգծեց, որ երախտագիտութիւնը բանալին է կեանքի յաջողութեան, որ կը դրսեւորուի միայն գործով:
Աշակերտները սիրով ընդունեցին ու ճանապարհեցին առաջնորդը: