ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Նոյեմբերին ընդունեց Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան, ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող հարցեր:
Յատուկ ուշադրութեամբ քննարկուեցան «Թելեթոն 2018»ի շրջագիծին մէջ իրականացուող աշխատանքներուն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր կառոյցներուն մասնակցութեան վերաբերող հարցերը: