Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունը հրատարակած է Զապէլ Եսայեանի «Վերջին Բաժակը» պատմուածքը:
Այս մասին «Թուիթըր»ով կը տեղեկացնէ պատմուածքը թրքերէնի թարգմանած Մեհմետ Ֆաթիհ Ուսլու: Ան կը յայտնէ, որ գիրքը յաջորդ շաբաթ արդէն գրախանութները կը հասնի:
«Այն կարծիքը ունիմ, որ «Վերջին Բաժակը» Զապէլ Եսայեանի ամէնէն հետաքրքրական գործերէն մէկն է», կը գրէ թարգմանիչը:
Նշենք, որ Զապէլ Եսայեանի «Վերջին Բաժակը» պատմուածքը առաջին անգամ տպագրուած է 1917ին: