ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Մանկական պատմուածքներու ամէնէն տարածում գտածէն՝ «Կարմիր գլխարկիկ»էն մինչեւ ամէնէն քիչ ճանչցուածը, բոլորիս մտածել պէտք է տայ, որ եթէ մարդ արարածը չըլլար, ոչխարը ինչպէս պիտի գոյատեւէր այս աշխարհին մէջ: Չէ՞ որ անտէր ոչխարները բաց դաշտերու մէջ կեր պիտի դառնային վայրի գազաններու, կամ՝ չէ՞ որ անոնք ինքնապաշտպանութեան շատ թեթեւ կարողութիւն ունին: Օրինակ առնենք գառնուկ մը, որ ամենայն կամակատարութեամբ կը հնազանդի հովիւին: Անիկա բնականաբար անասուն ըլլալուն, ըսելիք չունի: Սակայն, միւս կենդանիներէն կը տարբերի անով, որ՝ ընելի՛ք ալ չունի երբ զինք բռնենք: Մինչդեռ կատուի նորածին ձագն անգամ թաթերով կը պաշտպանուի, իր ճանկերը հնարաւորինս լայն բանալով:
Ոչխարին պարագան ամբողջովին տարբեր է միւսներէն: Չարին խաբէութենէն վերջ ստեղծուած թշնամութիւնը աշխարհի վրայ, խանգարում յառաջացուց նաեւ կենդանական աշխարհին մէջ: Երանական նախկին դրութեան մասին դարձեալ կը վկայէ Աստուածաշունչը, պատմելով այն իրավիճակի մասին, երբ «գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակեսցին» (Հմմտ): (Թրգմ.՝ գայլերն ու գառնուկները միասին պիտի արածին):
Ոչխարին ճակատագիրը երբեմն շատ նման է որոշ մարդոց ճակատագրին: Միամիտ, իր տիրոջ ձայնին միշտ զգաստ ունկնդիր, անոր տուած ուղղութիւններուն ամբողջական վստահութիւն ցուցաբերող եւ հնազանդ մարդիկ, ոչխարներու կը նմանին, դրական իմաստով: Անոնք միշտ կը սիրուին իրենց շրջապատէն, իբրեւ համեստ ու անկեղծ մարդիկ: Վերջապէս ոչխարները խաբել չեն գիտեր, նենգամիտ չեն ըլլար, վնաս հասցընելու կարողութիւն չունին: Մէկ խօսքով եթէ իրենք իրենց գլուխը ազատել կարենան, այսինք իրենց գոյութիւնը պահպանեն, արդէն մեծ յաջողութիւն պիտի համարուի ատիկա իրենց համար:
Արդար մարդն ալ ոչխարի կը նմանցուի առակագիրներուն կողմէ, որովհետեւ արդարը ընդհանրապէս սուտ չի՛ կրնար խօսիլ: Ստախօս ոչխար տեսնուա՞ծ է միթէ: Դժբախտութիւնը այն է, սակայն, որ արդարն ու ստախօսը, միամիտն ու խաբեբան, լաւն ու վատը, բարին ու չարը նոյն աշխարհին մէջ կ՛ապրին, միեւնոյն կեանքը բաժնելով: Գայլն ալ իր անսուաղ ստամոքսը պիտի յագեցնէ, ոչխարն ալ իրեն յատուկ սնունդը պիտի ստանայ թարմ մարգագետիններուն վրայ արածելով:
Իսկական դժուարութիւնը, սակայն, կախեալ է իւրաքանչիւրին հետապնդած շահէն: Անվնաս շահն ու վնասակարը կը տարբերին իրարմէ: Երբ քու շահդ ուրիշին վնաս պիտի հասցընէ, կը նշանակէ որ վնասակար տարր ես մարդկային ընկերութեան կեանքին մէջ:
Ցաւալի է տեսնել, որ ոչխարները յաճախ գայլերու կլափը կ՛իյնան, որոնք յօշոտելով զանոնք, իրենց ժանիքներուն տակ կ՛աղան ու կ՛աւարտեն անոնց կեանքին կարճատեւ պատմութիւնը:
Երկու խորամանկներու թակարդը ինկած մարդոց չէ՞ք հանդիպած, որոնք կը խաղցնեն խեղճերը, ամէն վայրկեան նոր պայմաններ դնելով, պատճառաբանութիւններու անհատնում օրինակներ հնարելով, սուտի պարկը մինչեւ տակը դատարկելով, կեղծիքի բազմագոյն շղարշը վարպետութեամբ իրենց երեսը քաշելով եւ այլ բազմատեսակ հնարքներով շփոթեցնելով զանոնք: Խեղճերը երբեմն յոգնելով, կը յուսահատին եւ կը յանձնուին անոնց չար կամքին:
Իր բարութեան ու ազնուութեան զոհ դարձած փորձառու մարդ մը, առեւտրական կեանքի անցեալ վաթսուն տարիներու ընթացքին «ծեծուած» ըլլալը պատմելով կ՛ըսէր, թէ ինք միշտ ոչխարի դերին մէջ եղած էր: Գիտնալով հանդերձ որ խաբեբայ աշխարհի մէջ է, ան միշտ փորձած էր ճշմարտախօսութեամբ յառաջդիմել, սակայն ինքզինք գտած էր գայլերու վոհմակին մէջ:
Ան իր դերը կը նմանցնէր այն ոչխարին, որ պարտականութիւն ունէր մսավաճառ մէկ գայլին քովէն միսը առնելով, մսավաճառ միւս գայլին քով փոխադրելու: Բնականաբար երկու «մսավաճառներուն» սուր աչքերուն դիմաց փոխադրութեան այս աշխատանքը կատարող ոչխարը, սոսկ միս փոխադրող բանուորի դերակատարութեամբ պիտի չպատկերանար, այլ՝ ինքնին համեղ պատառ պիտի թուէր, եւ կամ՝ մսացու յարմար կենդանի:
Գայլին յարձակողապաշտ նկարագիրը կարելի չէ՛ փոփոխութեան ենթարկել: Ատիկա բնութենէն անոր շնորհուած միջոց է գոյապայքարի: Սակայն, ատիկա չի՛ նշանակեր, որ ոչխարն ալ իր բնութիւնը պիտի փոխակերպէ գայլի բնութեան…: Ոչխարը պիտի մնայ ոչխարի բնութեամբ, ինչքան ալ որ գայլը իր կատաղի բնութիւնը իրագործէ:
Մարդկային բնաւորութիւններն ալ հեռու չեն կենդանական բնազդ-ներու իրարմէ ունեցած տարբերութիւններէն: Ինչքան ալ որ մարդիկ հաւասար ծնունդ ունենան, այսինքն ծնին որպէս սովորական մարդեր, անոնց անհատականութեան կազմաւորման մէջ մեծ դեր կ՛ունենան ուսումն ու կրթութիւնը, ու մանաւանդ ծնողական դաստիարակութիւնը: Իրենց զաւակներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբող ծնողները երբեք չեն տարակուսիր, որ անոնք իրենց կեանքի ընթացքին գայլի բնազդով կը գործեն, կամ՝ իրենց ոչխարի փափուկ ու սպիտակ մորթը կը փոխեն, եւ գայլի մուգ գոյնի մորթ կը հագնին:
Սակայն ի՞նչ ըսել այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները կերակրած միջոցին, մայրական կաթի փոխարէն զանոնք կը սնուցանեն գայլի կաթով, մանկական տարիքէն անոնց արեան մէջ ներարկելով գազանային կատաղութիւնը եւ անմարդկային վայրագութիւնը:
Շատ անգամ շան նմանող գայլը, շունէն կը զատորոշուի իր գազանային աչքերով: Գայլին աչքերուն մէջ նայողը կը ճանչնայ, այլապէս շան կերպարանք ունեցող այս վայրի կենդանին: Գայլը նաեւ նախայարձակ անասուն է: Նոյն բնաւորութիւնը ունին նաեւ գայլի յատկանիշներ ունեցող մարդիկ, որոնք մեզ յօշոտելու պատճառներ չեն փնտռեր: Պարզապէս անոնք կարիք կը զգան մեր վրայ յարձակելու, մեզի մսացու ոչխար պատկերացնելով իրենց դիմաց:
Բարի, ազնիւ ու ճշմարտախօս առեւտրական ըլլալու մեր համբաւը բնա՛ւ փրկարար դեր չի՛ կրնար կատարել մեր կեանքին մէջ, երբ մսավաճառ մէկ գայլին քովէն միսը առնելով, մսավաճառ միւս գայլին քով պիտի տանինք: Մեր աշխատանքի ամբողջ ընթացքին մենք արդէն վտանգի ենթակայ ենք եւ մահուան դիմաց կանգնած՝ դէմ յանդիման: Ո՞վ կրնայ երաշխաւորել մեր անվտանգութիւնը: Մեր ճշմարտախօսութի՞ւնը՝ ստախօս աշխարհի մէջ, մեր արդարադատութի՞ւնը՝ խաբեբաներու միջավայրին մէջ, մեր անկեղծութի՞ւնը՝ կեղծաւորներու փաղանգին մէջ…:
Կեանքին «պայքար» ըլլալուն մասին բազմաթիւ խրատականներ գրուած են: Սակայն, այդ խրատականները կը տրուին մարդոց, իրենց անձնական ջանքերով տեղ հասնելու իբրեւ խրախոյս: Կեանքին «պայքար» ըլլալը նաեւ այլ իմաստ ունի: Չարին դէմ, ստախօսներու դէմ, անիրաւ մարդոց դէմ, խաբեբաներու դէմ, եւ կեղծաւորներու դէմ պայքարելու աննահանջ երթ է անիկա: Եթէ պատահականօրէն ծնած ենք այս կեանքին իբրեւ «ոչխարներ», ուրեմն մեր նուիրական պարտականութիւնն է մտնել մարտնչումի այս ցաւալից դաշտը, գայլերու վոհմակներով լեցուն հանդիսարանին դիմաց պայքարելու, մեր մէջքին կապած արդարութեան գօտին, իսկ անկէ կախած ճշմարտութեան սուրը, որովհետեւ այս դաշոյնին երկու կողմերն ալ սուր են, արդարադատութեան եւ ճշմարտախօսութեան կայծքարին վրայ սրուած:
Կը ներէք, սակայն չհասկցայ, թէ ո՞ւր է այս պատմութեան կապը Հայ եկեղեցւոյ հետ: