
ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էն.Պի.Սի.».- Հինգշաբթի, 8 Նոյեմբերի երեկոյեան, Նիւ Եորքի, Վըրճինիայի, Միզուրիի, Օհայոյի, Փենսիլվանիոյ, Մինիսոթայի, Թեքսասի, Ուիսքանսընի, Նըպրեսքայի, Նիւ Մեքսիքոյի, Ճորճիայի, Քալիֆորնիոյ, Արքընսայի եւ շարք մը այլ նահանգներու մէջ տասնեակ հազարաւոր ամերիկացիներ մասնակցեցան բողոքի ցոյցերու՝ պահանջելով գործադիր իշխանութիւններէն, որ չմիջամտեն 2016ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան ընթացքին նախագահ ընտրուած Տանըլտ Թրամփի ընտրապայքարին եւ Ռուսիոյ իշխանութեանց միջեւ կապերը հետաքննող յատուկ դատախազ Ռապըրթ Միւլըրի գործունէութեան։
Նշենք, որ Ներկայացուցիչներու տան ընտրութիւններուն հանրապետականներուն կրած պարտութենէն մէկ օր ետք, երբ իր դէմ յաւելեալ հետապնդումներ աւելի հաւանական դարձած էին, Թրամփ երկրին ընդհանուր դատախազ Ճեֆ Սեշընզը պաշտօնազրկեց, լուրջ կասկածներ յառաջացնելով, որ այդ որոշումին յետին նպատակը հետաքննութիւնը կասեցնել կամ սահմանափակելն է։
Ցուցարարներ շեշտեցին, թէ ոչ ոք, ներառեալ Թրամփ, ինքզինք կրնայ օրէնքէն վեր դասել՝ պահանջելով հետաննքութեան անխափան շարունակութիւնը։