Պաշտօնական այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 14 Նոյեմբերին, Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան յանձնախումբի անդամներուն հետ: Քննարկուեցան Ֆրանսա-Արցախ յարաբերութիւններուն վերաբերող զանազան հարցեր: Նախագահը նշեց, որ Ֆրանսայի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը կը հանդիսանայ Արցախի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւններէն մէկը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով շրջանակի անդամներուն երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման ու ընդլայնման ուղղուած ջանքերուն համար:
Սահակեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Յասմիկ Տոլմաջեանի հետ:
Ան շնորհաւորեց Յասմիկ Տոլմաջեանը՝ պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու առիթով, անոր մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք: Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Ֆրանսա կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր նկատեց երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման համար Արցախի եւ Հայաստանի դիւանագիտական առաքելութիւններու սերտ փոխգործակցութիւնը՝ զայն համարելով նախանշուած ծրագիրներու յաջող իրականացման անհրաժեշտ պայման: