Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 99րդ Տարեժողովը այս տարի տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 20ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ: Ժողովը ձեռնհասօրէն վարեց Ընկերակցութեան նախագահ՝ տոքթ. Նազարէթ Տարագճեան: Վեր. Յարութիւն Սելիմեան՝ նախագահը Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքին, աղօթք մատուցեց եւ կարճ խորհրդածութիւն: Ան անդրադառնալով մարդկային առօրեայ ճնշումներուն եւ ցաւերուն նշեց, որ յոյսը կը ձերբազատէ մեզ յուսախաբութենէ եւ կու տայ կեանքի ուղղութիւն եւ նպատակ:
Ապա, ժողովի ընթացքին, Ընկերակցութեան տնօրէնները, ղեկավարները, յանձնախումբերու ատենապետները, ինչպէս նաեւ Հայ աւետարանական միութիւններու, Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի եւ տարբեր կազմակերպութիւններու պատուիրակները ներկայացուցին իրենց տեղեկագիրները, բաժնեկցեցան իրենց ուրախութիւնները եւ մտահոգութիւնները:
Համաժողովի աւարտին, յայտարարուեցան անունները Ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի նորընտիր անդամներուն, որոնք պիտի փոխարինեն իրենց երեք տարուայ շրջանը աւարտած անդամները. Պրայըն Աղպապեան, Պրայըն Պետրոսեան, վեր. դոկտ. Աւետիս Պոյնէրեան, Ճան Չէրքէզեան, իրաւաբան Մարգ Գասապեան, Լուիզ Քիւրքճեան, դոկտ. Հէտըր Օհէյնսըն, Միշէլ Սիմուրեան եւ Գէն Գէորգեան:
Ընկերակցութեան տարեժողովին համընթաց, տեղի ունենցան նաեւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ժողովները, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ՝ Հոկտեմբեր 18-19 օրերուն, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի նիստը՝ Ուրբաթ երեկոյեան, որուն ընթացքին Վարչական խորհուրդի անդամները սերտեցին Ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ խորհրդակցեցան ապագայ ծրագիրներու մասին:
Տարեկան համաժողովի պաշտամունքը տեղի ունենցաւ Կիրակի, Հոկտեմբեր 21ի առաւօտուն, Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցիին մէջ: Օրուան պատգամաբերներն էին վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտօսթեան՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահը՝ անգլերէնով եւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան՝ հովիւը Երեւանի Հայաստանյայց Աւետարանական եկեղեցիի՝ հայերէնով: Պաշտամունքի ընթացքին ներկաները վայրկեան մը յոտնկայս յիշեցին Ընկերակցութեան այն բոլոր անդամները, որոնք անցնող տարեշրջանին աւարտելով իրենց կեանքի այս ընթացքը միացան յաւիտենականութեան: Ապա Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի գործադիր տնօրէն վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան կատարեց Վարչական խորհուրդի նորընտրեալ անդամներու պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը:
Մեր խորհին շնորհակալութիւնը կ՛ուզենք յայտնել Լոս Անճելըսի Միացեալ Հայ աւետարանական եկեղեցիի հովիւներուն եւ անդամներուն, որոնք ջերմօրէն մեզ ընդունեցին եւ հիւրասիրեցին ժողովներու տեւողութեան:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918ին, որպէս քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան: Աւետարանչականը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ բարեսիրական ծառայութիւններ հայրենիքի եւ արտերկրի քսաներեք տարբեր երկիրներու մէջ: Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել Աւետարանչականի կայքէջը www.amaa.org, կամ կապ հաստատել Աւետարանչականի կեդրոնին հետ 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652, հեռ.- 201.265.2607, ե-նամակ.- info@amaa.org.