ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մոխիր՝
մահաշունչ բառ մը։
Փոքրակազմ բառի մը համար ի՛նչ ծանր պատասխանատուութիւն էր այրած երկիր եւ ժողովուրդ նկարագրել ու երկու վանկի մէջ ամփոփել անոնց սեւ կամ՝ յօդուածիս նիւթին հաւատարիմ մնալու համար ըսենք՝ մոխրագոյն պատմութիւնը: Յարգելի ընթերցող, այդ պաշտօնը վիճակուեցաւ հայոց «մոխիր» բառին: Եւ ի՞նչ ընէր անիկա, եթէ ոչ՝ համակերպիլ մայրենիի թելադրութեան ու կատարել պաշտօնը:
Տուեալներ կան, որ բնիկ հայկական ըլլար «մոխիր»ը: Լաւ է, որ այդպէս է: Այլապէս, օտարամուտը ինչպէ՞ս հարազատօրէն պատմէր հայոց լեռնաշխարհի անասելի ցաւերը:
Նկարագի՛րն անոր. ազգանուէր եւ ծառայասէր: Ապացո՞յցը: Կատարենք համեմատութիւններ. յոյներու մոխիրը տուած է 6 բարդ բառ, անգլիացիներու մոխիրը՝ հինգ, թրքական մոխիրը՝ մէկ: Իսկ հայոց մոխիրը առատաձեռնօրէն տուեր է 35 պատկերալից բարդ բառ, որպէսզի անիկա քստմնելի վախճաններու բոլոր տեսակները ճշգրտօրէն կարենայ նկարագրել, ինչպէս՝ մոխրաթաթախ, մոխրապատ, մոխրածածկ եւ մոխրակոյտ:
«Մոխիր» բառի հնագոյն գործածութիւնը, ի՛նչ զարմանալի բան, եղեր է կրօնական: 5րդ դարուն «մոխրապաշտ» կը կոչուէին անոնք, որոնք դեռ կրակապաշտ էին: Ղազար Փարպեցին գրեր է. «Ի վերայ երեսաց մոխրապաշտացն նոյն կերպարան մոխրոյն իջեալ նստէր»: Հայկական հին մատենագրութեան մէջ ունինք «մոխրապաշտ թագաւոր», «լինել մոխրապաշտ» եւ «մոխրապաշտ վարդապետութիւն» արտայայտութիւնները: Բնականաբար, Աստուածաշունչն ալ պիտի ունենար բազմաթիւ «մոխիր»ներ: Որպէս վիճակագրական տուեալ նշենք, թէ Սուրբ Գիրքը ունի 43 «մոխիր», ներառեալ՝ «մոխրահեղձ» ընտիր ածականը:
Այս համեստ երկվանկը չարքաշ եւ անտրտունջ, յարմար եկաւ բոլոր դարերու ողբերգակ բանաստեղծներու գրիչին: Անոնցմէ մէկը, Վանայ ծովափին, իր վանքի լուսամուտէն Աստուծոյ հետ սրտի խորքէն խօսող Գրիգոր Նարեկացին էր: Սուրբը համոզուեր էր, թէ մեղաւոր է ու իր անձը արժանի է կոչուելու՝ «մոխիր մերժելի»: Նարեկացիին կը պատկանին նաեւ «մոխիր անարգ» եւ «մոխիր երկրի» արտայայտութիւնները:
Այն դարերուն, երբ գրաբար հայերէնը դեռ կենդանի էր՝ Հայկական լեռնաշխարհին վրայ կը լսուէին «փոխարկումն ի մոխիր», «ի մոխիր եւ յաճիւն դարձուցանել», «ապաշխարել մոխրով» եւ «հուր ծածկեալ ընդ մոխրով» արտայայտութիւնները:
Նարեկացիէն հինգ հարիւր տարի ետք, նոյն լիճի ափերուն վրայ ապրեցաւ այլ բանաստեղծ մը՝ Նահապետ Քուչակը, ան, որ իր սրտի խօսքը կ՛ուղղէր դէպի իր լուսադէմ եարին: Հողեղէն այդ գեղեցկուհիին սիրով այրած աշուղին համար, բնական է, որ մոխիրի արժէք ունենար պանդխտութեան խոստացած հարստութիւնը, եթէ հեռու պիտի մնար եարէն.
«Ղարիպն ի յօտար երկիր՝
թէ ոսկի թաթաւ* գայ նորա,
Ի իւր սիրելեացն ի զատ
այն ոսկին մոխի՛ր չարժենայ»:
Շնորհիւ ժողովուրդի երեւակայութեան, նոր դարերուն ունեցանք մոխրոտ դարձուածքներ: (Յարգելի ընթերցող, «մոխրոտ» ածականը պէտք չէ շփոթել նոյնանուն հեքիաթի հերոսուհիին հետ, որ բուխերիկին մօտ, մոխիրով լեցուած արկղին վրայ նստած կը հանգստանար ու այդ պատճառով ալ երկու խորթ քոյրերուն կողմէ անուանուած էր «Մոխրոտ»): Ահա քանի մը դարձուածք. «մոխիրս գլուխիդ», «մոխիր դառնալ», «մոխիրը քամիին տալ» եւ «մոխիրի վրայ նստիլ կամ՝ նստեցնել», այսինքն թշուառացնել եւ ոչնչացնել: Բնական է, որ հայերէնը ունենար նաեւ մոխրաթաթախ բառեր, ինչպէս՝ մոխրաթաւալ, մոխրալից, մոխրամած, մոխրաջուր, մոխրաշունչ, մոխրանոց եւ մոխրատուն: Հայկական մատենագրութեան էջերուն մէջ կան նաեւ «մոխրամորթ դեւեր», «մոխրաշունչ մոգեր» եւ «մոխրասէր մոլութիւններ»: Ինչո՞ւ զարմանալ, որ մեր երկիրը ունենար նաեւ Մոխրաթաղ մը, Մոխրաբլուր մը, Մոխրաշէն մը, Մոխրաբերդ մը, ինչպէս նաեւ Վերին եւ Ներքին Մոխրակոյտեր: Առաջինը գիւղ է Արցախի մէջ: Մոխրաբլուրը հնավայր է Էջմիածնի մօտ, ուր կը շարունակեն պեղումներ կատարել: Իսկ մնացածները եղած են Պատմական Հայաստանի բնակավայրեր են եղած, որոնք հարիւր տարի առաջ մոխրացեր են, մնացեր է անոնց յիշատակը… Մոխրաշէնը եղած է 20 տուն գիւղ Կարնոյ մէջ, Ճորոխի աւազանին, Մոխրաշէն գետի ափին: Զոյգ Մոխրակոյտերը Կարնոյ Կիսկիմ գաւառակի մէջ, Խոտորջուրի գիւղախումբին պատկանող գիւղեր էին: 451 թուականին, Վարդանանց պատերազմի ժամանակ, պարսիկները հասեր են այնտեղ, այրեր են գիւղը, որմէ ետք բնակավայրը կոչուեր է Մոխրակոյտ**: Մոխրաբերդը 105 տուն գիւղ էր Վանայ լիճի հարաւային ափին (այժմ՝ թրք.՝ Կէօրունտու, քրտ.՝ Միրխափեթ), Ախթամար կղզիի դիմաց, որ ունէր Մոխրաբերդի վանքը եւ Մոխրաբերդ բերդը: Անոնց մէջէն հոսելով լիճ կը թափուէր Մոխրաբերդ գետակը: Բոլորը այդպէս են անուանուած, քանզի, ըստ աւանդութեան, Սահակ Պարթեւի անէծքով աւերուած ու հրկիզուած ատրուշանի մոխիրներու վրայ կառուցուեր է:
1909 թուականին հայոց մայրենին ողբաձայն երգի մը ականջալուր եղաւ, թէ մէկ այլ բնակավայրը մոխիր դարձեր է. «Պարապ է աւաղ հարուստ Ատանան, մոխիր է դարձեր ամբողջ Կիլիկիան»: Նոյն օրերուն, Սիամանթոյին պիտի հասնէր գոյժ մը, թէ իր ծննդավայրը՝ Ակն քաղաքը մոխիր դարձեր է ու բանաստեղծը գրի պիտի առնէր «Ափ Մը Մոխիր Հայրենի Տուն» եղերերգութիւնը: Իսկ Ռուբէն Սեւակ պիտի մոխրացած սրտի խօսքը երգէր. «Մոխրապատ դաշտի մէջ անթիւ ոսկրեր կը բարձրանային՝ դարերով դիզուած Պատմութի՞ւնն իրենց: Մոխրապատ վանքեր, աւերներ ճերմակ…»։ Այդ օրերուն հայ տպարանէն լոյս կը տեսնէին մոխրացած վերնագիրներով գիրքեր. «Մի Կաթիլ Արտօսր Զոր Կը Հեղու Հայ Մոխիրին Վերայ», Կ. Պոլիս, 1879, «Այրած Քնար Մը Բինկեանի Մոխիրներուն Վրայ», Կ. Պոլիս, 1909, «Մոխիրների Տակից», Թիֆլիս, 1910: Յիսուն տարի ետք Պարոյր Սեւակ «մոխիր» բառով պիտի պարփակէր հայոց ամբողջ պատմութիւնը. «Գիտենք մոխրանալ որպէս վառ կերոն»: Սեւակը, հաւանաբար իր աչքերը մոխրամանի մը սեւեռած, պիտի շարունակէր գրել.
«Եւ աջից նայում՝
Տեսնում եմ հրդեհ,
Ձախից եմ նայում՝
Տեսնում եմ մոխիր»:
Բայց, յարգելի ընթերցող, օրեր եղան, եւ հայ ոգին, հրաշալիօրէն եւ շնորհիւ իր քնարերգակ զաւակներուն, ցոյց տուաւ, թէ իր մոխիրներէն կրնայ յարութիւն առնել: Օրեր եղան որ, մահաշունչ այդ բառը դարձաւ բարի ու յաղթահարեց մահուան: Գալ շաբաթ պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս Չարենց եւ Կոմիտաս վարդապետը, Դուրեան եւ Տէրեան եւ նոյնիսկ Պարոյր Սեւակ մեր մոխիրներուն մէջ գտան յաւերժութիւն եւ սէր:
* Հազուագիւտ բառ- Տեղատարափ անձրեւ
** 1917 թուականին Նոր Նախիջեւանի մէջ Սերովբէ Աւագեանի տպարանէն լոյս տեսաւ 13 էջնոց գրքոյկ մը՝ «Ծրագիր Միութեան Յօգուտ Խոտրջրոյ Եւ Մոխրակոյտի Աքսորեալներու Ազատման»: