ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- 27ամեայ նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն երրորդ անգամն ըլլալով պաշտպանեց ճատրակի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, երբ աւարտական մրցաշարքին պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան: Նշենք, որ անոնց միջեւ վերջին երեք շաբաթներուն կայացած 12 դասական մրցումները աւարտած էին հաւասարութեամբ եւ Քարլսըն առաւելութիւն ապահովեց միայն երրորդ արագ մրցումին ընթացքին: Տիտղոսակիր Քարլսըն ստացաւ 550,00 եուրօ, իսկ Քարուանա՝ 450 հազար եուրօ:
Նշենք, որ Քարլսըն առաջին անգամ տիտղոսին տիրացած էր 2013ին։