ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանական «Մինվալ» լրատուական կայքին համաձայն՝ Փաքիստանի պետական «Global Industrial & Defence Solutions» ընկերութիւնը կը պատրաստուի Ատրպէյճանին ծախելու տարբեր նպատակներու համար օգտագործուելիք արդիական օդէն ցամաք հրթիռներ։
Ըստ ընկերութեան ներկայացուցիչին, հրթիռները ունակ են բարձր ճշգրտութեամբ ոչնչացնելու հակառակորդի երկաթեայ եւ պեթոնէ ծածկերն ու ամրութիւնները եւ կրնան գործածուիլ թէ՛ ՆԱԹՕի եւ թէ խորհրդային-ռուսական ռազմական օդանաւներու կողմէ։
Ան աւելցուց, թէ կը քննուի նաեւ Ատրպէյճանի ռազմաարդիւնաբերութեան նախարարութեան հետ համագործակցութեան կարելիութիւնը, նման հրթիռներու արտադրութեան հարցով: