ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Այս տարուան Յունուարէն Սեպտեմբեր ամիսներուն, օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներու զուտ հոսքը դէպի Հայաստան նախորդ տարուան համապատասխան ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աւելցած է 4.8 տոկոսով, կազմելով 59.8 միլիառ դրամ:
Ազգային վիճակագրական կոմիտէի հրապարակումներէն կը տեղեկանանք, որ օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումները Հայաստան եկած են գլխաւորաբար Ճըրզիէն (20.6 միլիառ դրամ), Գերմանիայէն (14.4 միլիառ դրամ), Ռուսիայէն (11.7 միլիառ դրամ), Լիբանանէն (4.4 միլիառ դրամ):