ՓԱՐԻԶ, «Էյ.Փի.».- Ֆրանսայի վարչապետ Էտուար Ֆիլիփ 6 Դեկտեմբերին յայտարարեց, թէ ականջալուր ըլլալով ֆրանսացիներու ցասումին, կառավարութիւնը որոշեց վառելանիւթի տուրքերը բարձրացնելու որոշումը դուրս հանել յառաջիկայ տարուան ամավարկի առաջարկէն, որ կրնար ի զօրու դառնալ Յունուարին։
Երկու օր առաջ, Փարիզ յայտարարած էր, որ վեց ամիսով պիտի յետաձգէ այդ քայլը, սակայն շարունակուող ցոյցերը եւ բռնարարքները որոշումը ջնջելու առաջնորդեց կառավարութիւնը, որ նոյն ժամանակ ազդարարեց, թէ մտահոգ է յառաջիկայ շաբաթավերջին եւս ցոյցերը շարունակելու որոշումով, որ կրնայ յաւելեալ բռնարարքներու առաջնորդել։
Նման հաւանականութեան մը առաջքը առնելու համար, ապահովական յաւելեալ միջոցներ որոշուած է որդեգրել։
Քաղաքական մեկնաբաններ չեն ակնկալեր, որ վարչապետին յայտարարութիւնը վերջ տայ բողոքի ցոյցերուն, ճամբաները փակելու քայլերուն եւ այլ խռովութեանց, որոնք ցարդ միլիոնաւոր եուրոյի վնասներ պատճառած են։
«Դեղին բաճկոններ» անունով մկրտուած եւ 17 Նոյեմբերէն ի վեր շարունակուող բողոքի զանգուածային ցոյցերը շարք մը շրջաններու մէջ փողոցային անկարգութիւններու վերածուած էին: Երբ բողոքի ցոյցերը նոր սկսած էին, նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտարարած էր, թէ վառելանիւթի գիները բարձրացնելու որոշումը անբեկանելի է:
Վառելանիւթի տուրքին դէմ սկսած ցոյցին մասնակցողներուն պահանջները ընդարձակուած են։ Այժմ անոնք տուրքերու եւ թոշակներու համակարգերուն, ինչպէս նաեւ կրթական ու շարք մը այլ մարզերու մէջ բարեկարգումներ կը պահանջեն։