Հայաստանի Օդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) զօրքերը այսօր ի զօրու են մոխիրի վերածելու հակառակորդին պատկանող որեւէ թռչող սարք: Ըստ «Նիուզ»ի՝ պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ Հայաստանի օդային սահմանները անառիկ են՝ շնորհիւ զօրատեսակի անձնակազմի փայլուն պատրաստութեան, ինչպէս նաեւ ժամանակակից սպառազինութեան, որովհետեւ հետեւողականօրէն եւ շարունակաբար կը համալրուի հայոց բանակը:
Նշենք, որ խօսքը կը վերաբերի S-300 համակարգին: