Լիւքսեմպուրկ պիտի դառնայ աշխարհի վրայ առաջին երկիրը, ուր հանրային փոխադրամիջոցով երթեւեկը պիտի ըլլայ անվճար, 2019ի ամառուընէ սկսեալ, շնորհիւ երկրին համախոհական նոր կառավարութեան որոշումին։ Որոշումը որդեգրուած է խճողումներու սուր տագնապը լուծելու յոյսով: Երկրին մայրաքաղաքին մէջ կը բնակին մօտաւորապէս 110,000 անձեր, սակայն դրացի երկիրներէն՝ Գերմանիայէն, Պելճիքայէն եւ Ֆրանսայէն օրական 200,000 ուրիշներ Լիւքսեմպուրկ կու գան աշխատելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.