ՊԷՅՐՈՒԹ.- Ժողովուրդը՝ խիտ շարքերով, Ուրբաթ, 7 Դեկտեմբերի երեկոյեան, «Էմիլ Լահուտ» համալիրը եկած էր՝ տօնելու ի՛ր կուսակցութեան 128ամեակը, ուրախանալու անոր գոյութեամբ, արժեւորելու անոր նուաճումները, քննադատելու անոր թերացումները, հաստատելու, որ ինք տէրն է Դաշնակցութեան, որ երբեք առանձին պիտի չմնայ, որքան ալ փոխուին ժամանակներն ու պայմանները:
Ժողովուրդին կողքին Դաշնակցութեան 128ամեակի հանդիսութեան ներկայ էին երեք համայնքապետերը, ՍԴՀԿի եւ ՌԱԿի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ միութիւններու, զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ եւ պաշտօնական հիւրեր:
ՀՄԸՄի շեփորախումբին հնչեցուցած եղանակներուն կշռոյթով ՀՄԸՄի արի-արենուշներ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ Դաշնակցութեան դրօշները բարձրացուցած՝ սրահի երկու մուտքերէն մտան եւ յառաջանալով հոծ բազմութեան ընդմէջէն բարձրացան բեմ, ուր զետեղեցին դրօշները, մինչ պատանիները ծաղիկներ նուիրեցին Դաշնակցութեան նահատակներու հարազատներուն, ապա Դաշնակցութեան պանթէոնի պատկերին առջեւ խումբ մը պատանիներ խոնարհեցուցին ծաղիկներ, երբ շեփորախումբը կը հնչեցնէր «Արիւնոտ դրօշ» երգը:
Այնուհետեւ հնչեցին Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, ապա բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին Դաշնակցութեան քայլերգը՝ «Մշակ բանուոր»ը:
Յայտագիրը վարեցին Սիլվիա Սէրայտարեան եւ Սագօ Եագուպեան: Անոնք մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեան հրաւիրեցին ներկաները՝ յարգելու համար նուիրեալ նահատակներու եւ 1988ի երկրաշարժի զոհերուն յիշատակները:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը՝ Մայիսին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններու նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Դաշնակցութեան երիտասարդութեան եւ ուսանողութեան խօսքը արտասանեց Նանոր Նահապետեան: Ան ըսաւ, թէ 128 տարիներու ընթացքին ՀՅԴն կերտած է հայ ժողովուրդին յաղթական պատմութիւնը, եղած է անզիջող, եղած է միշտ սկզբունքային, ծնած է ժողովուրդէն եւ իր ամբողջ էութեամբ ծառայած է ժողովուրդին… կերտելով ազատ ու անկախ հայրենիք՝ հայոց պատմութեան ամէնէն դժնդակ օրերուն:
Ան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը յառաջդիմական կուսակցութիւն է եւ գործած իբրեւ այդպիսին տասնամեակներ շարունակ: Քայլ պահած է դարու զարգացումներուն եւ պահանջներուն հետ, սակայն միշտ անեղծ պահելով իր սկզբունքները, կրցած է դիմադրել ժամանակի չարիքներուն:
Հանդէս եկաւ հայրենի երգիչ Սեւակ Ամրոյեան եւ մեկնաբանեց «Զգուշ խօսիր» եւ «Հայոց մարտիկներ» երգերը:
Ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզ մը՝ լիբանանահայ ազգային կեանքն ու գործունէութիւնը ներկայացնող:
Դաշնակցական համակիրի խօսքը արտասանեց Յակոբ Լուսարարեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ 128 տարի առաջ տարբեր դասակարգի պատկանող անձնուէր երիտասարդներ համախմբուեցան եւ որոշեցին վերջ տալ հայութեան դարաւոր ստրկութեան: Անոնք ընկալելով ազատութիւն, իրաւունք, ուժ հասկացողութիւններուն իմաստը՝ համախմբուեցան եւ մէկտեղեցին իրենց գիտելիքներն ու տեսլականները, զանոնք բանաձեւեցին յստակ գիծերու մէջ եւ կազմեցին ծրագիր, որ բնականաբար անհրաժեշտութեան պարագային պիտի իրագործուէր յեղափոխական մեթոտներով: Անոնք իրենց աշխատանքին նշանաբանը դրին «Մահ կամ Ազատութիւն»: Անոնք զոհաբերութիւններով եւ աշխատանքով անկարելին դարձուցին կարելի՝ առաջ տանելու համար հայրենիքի ազատագրութեան գործը:
Լուսարարեան ըսաւ, թէ Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի մէջ պահեց հայութիւնը, պահեց հայոց եռագոյնը, հիմնեց ուղեկից միութիւններ՝ ՀՄԸՄ, ՀՕՄ, Համազգային, որոնք իրենց կարգին վառ պահեցին հայ լեզուն, մշակոյթը եւ աւանդութիւնները: Դաշնակցական զինուորը իր հերոսութեամբ եւ նահատակութեամբ հիմնական նուիրեալը դարձաւ արցախեան ազատագրական պայքարին:
Այնուհետեւ հանդէս եկաւ հայրենի երգչուհի Եւա Եկանեան եւ մեկնաբանեց «Պիտի գնանք» եւ «Թաթուլ Կրպէեանի յիշատակին» երգերը: Իսկ Սեւակ Ամրոյեան ներկայացուց «Ախպերս ու ես» եւ «Գինի լից» երգերը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ հանդիսութեան ընթացքին երիտասարդութեան եւ համակիրներուն անունով արտասանուած խօսքերուն՝ հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ երիտասարդութեան վերանորոգ ուժին, նաեւ կը գիտակցի, որ ոչ կուսակցականներուն իր ընդհանրական գործին մասնակցութիւնը կարեւոր է եւ առանցքային:
Ապա ան խօսեցաւ հայոց պատմութեան մէջ Դաշնակցութեան ունեցած անառարկելի դերակատարութեան մասին՝ հարց տալով, թէ ի՛նչ կրնար ըլլալ պատմութեան ընթացքը, եթէ չըլլար Դաշնակցութիւնը՝ դիտել տալով, որ այս կուսակցութիւնն է, որ 19րդ դարուն, հայկական զարթօնքի ժամանակաշրջանին, կազմակերպական ենթահող, գաղափարական խմորումները բիւրեղացնող, միաւորող ու զանոնք գործի վերածող ուժը եղաւ, Արեւմտահայաստանի մէջ ծառացաւ հարստահարման, սպանդի եւ հայկականութեան կորուստին դէմ, Արեւելահայաստանի մէջ հայ մարդը մղեց իր արդար իրաւունքները պաշտպանելու, ապստամբութիւններ կազմակերպեց ու հերոսամարտեր մղեց, հայութեան դրօշը բարձր պահող զինուոր ու հրամանատար պատրաստեց, նահատակներ տուաւ, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքին ականատեսներուն համար հանդիսացաւ ոգեշնչող ներկայութիւն, վիշտ ամոքող, անոնց կեանքը իմաստաւորեց, Մայիս 28 կերտեց, հաստատեց անկախ Հայաստան, որուն վրայ կառուցուեցաւ Խորհրդային Հայաստանը: Տակաւի՛ն. Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի կազմակերպական գործ տարաւ, Հայ Դատը հետապնդեց, քաղաքական ներկայութիւն եղաւ, ժողովուրդը պաշտպանեց, Ցեղասպանութիւնը ծրագրողներուն արդար պատիժը տուաւ, գաղափարական սնունդ տուաւ, կառչեցաւ Հայաստանին ու Արցախին, հարազատ հողին, որ մնայուն է եւ յաւերժական:
«128 տարի տեւաբար Դաշնակցութեան քանդումը նախատեսող, անոր քայքայումը ցանկացող, անոր յուղարկաւորութիւնը կազմակերպող, ժողովուրդի թշնամին նկատող, զայն պուրժուայական հաւաքականութիւն ներկայացնող հայ եւ օտար բոլոր ուժերն ու սպասարկութիւնները, հակառակ իրենց հակադաշնակցական մոլուցքին, գազազած կիրքերուն, հակառակ կատաղի հակադաշնակցականութեան, Դաշնակցութիւնը ժողովուրդէն հեռացնելու անխոնջ ջանքերուն, կրցա՞ծ են գտնել պատասխան, թէ ինչո՛ւ եւ ինչպէ՛ս ապրեցաւ ու դեռ պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը: Բայց կա՛յ Դաշնակցութիւնը: Կայ ու պիտի ապրի Դաշնակցութիւնը: Թէ ինչո՛ւ՝ որովհետեւ ան ծնաւ պատմական անհրաժեշտութենէ, ծնաւ ժողովուրդին համար ու կ՛աշխատի ժողովուրդին համար: Կայ ու կ՛ապրի Դաշնակցութիւնը՝ շնորհիւ իր գաղափարական ուժին, ժողովրդավարական ու ապակեդրոն կազմակերպուածութեան, անդամներուն կարգապահական բծախնդրութեան եւ խօսքէն առաջ իրական գործին հաւատալու եւ զայն կեանքի վերածելու անզիջող վճռակամութեան»:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը ըսաւ, թէ Դաշնակցութեան մէջ սորվեցանք պաշտել Հայաստանը, հոն դարձանք Հայաստանի եւ հայութեան համար անզիջող հայեր, հայադրոշմ, անհատականէն անդին հաւաքականին ծառայող: Անիկա անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ կուսակցութեան մղած ազգային շահերու հետապնդման պայքարներուն, որոնց պատճառով ալ անիկա արգիլուեցաւ հայրենիքի մէջ, դրական աչքով չդիտուեցաւ երբեմն, բայց եւ այնպէս կրկին վերադարձաւ հայրենի հող, թէեւ տասնամեակներ շարունակ անիկա մարդոց հոգիներուն եւ սրտերուն մէջ էր: «Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստանի ու հայութեան յաւերժութեան համար մենք դէմ ենք ամէն տեսակի ապահայացնող, այլանդակութեան առաջնորդող, ապազգայնացնող, ազգային գաղափարախօսութիւնը ոտնակոխ ընող, աննպատակ զիջումներ ճառող կեցուածքներու եւ ուժերու», նշեց ան: Յակոբ Բագրատունի ապա խօսեցաւ մայիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդային ցասումին մասին՝ ըսելով. «Դաշնակցութիւնը Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ անմիջապէս ողջունեց ժողովրդային շարժումը, կանգնեցաւ անոր կողքին, առաջինը եղաւ, որ քանդեց նախկին կառավարական քոալիսիոնը, միաժամանակ անհրաժեշտ նկատեց մտածուած, հիմնաւորուած ու ծրագրուած փոփոխութիւններ, ժողովրդավարութեան պահպանում եւ Հայաստանի ու Արցախի անվտանգութիւն: Սկզբունքներ, որոնք ժողովրդային ցասումը կ՛առաջնորդէին իրաւ յեղափոխութեան, հոգիներու եւ միտքերու ազատագրման, հպարտ քաղաքացիի կառուցումին, անաչառ, անկեղծ, հայադրոշմ արժէքները պահող ժողովրդավար պետութեան մը, որ ապաւէն պիտի ըլլար իւրաքանչիւր հայու:
Յաջորդ բաժինով երեսփոխան Բագրատունի խօսեցաւ Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան մասին, յատկապէս կեդրոնանալով Մայիս 6ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն վրայ, որոնց ընթացքին Դաշնակցութիւնը իր ամբողջ ճիգը ի գործ դրաւ՝ հայութեան ձայնը հայկական միջավայրի եւ հայ քաղաքական կուսակցութեանց արձագանգ եղող ձայնի հաստատումը ապահովելու:
Ապա Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան ինքնութեան պահպանման ու ամրապնդման հարցը, ազգայինէն եւ հաւաքականէն դուրս գալով դէպի անհատական ԵՍ կղզիացումը, հայու աղաւաղուած տիպարի ստեղծման վտանգը՝ աւելցնելով, որ այս բոլորին դէմ կարելի է պայքարիլ հաւաքաբար, հայ մարդու կոթողական վերականգնումով եւ հայեցի ինքնութեան վերընձիւղումով:
Այդ ծիրին մէջ երեսփոխան Բագրատունի շեշտը դրաւ լիբանանահայութեան համար հիմնաքար հանդիսացող երիտասարդութեան վրայ, որ ապագային պիտի ստանձնէ մեր ժողովուրդին պատասխանատուութիւնը, շարունակէ վառ պահել կրակը, աւելիով բորբոքէ զայն ու իրականացնէ վերանորոգ իր երազը:
Իր խօսքը եզրափակելով՝ Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ ապրիլ, այնքան ատեն որ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, որովհետեւ անիկա շունչ է, ոգի, միտք ու բազուկ, զգօնութեան հրաւէր, որ ամուր է իր ժողովուրդով, ամուր է գալիք սերունդներուն համար, ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանին համար:
Ելոյթ ունեցաւ Եւա Եկանեան՝ ներկայացնելով «Մարտիկին» եւ «Երկրին» երգերը:
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ հայրենի երգիչներ Սեւակ Ամրոյեանի եւ Եւա Եկանեանի կատարած «Հսկայ երկիր է» երգով: