ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ Կիլիկեան կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմի հաստատման 60ամեակը եւ Արեւմտեան թեմի 45ամեակը առիթ են անդրադառնալու կերտուած ծառայական վաստակին, սակայն նաեւ մեկնակէտ պիտի ծառայեն վերանորոգելու ծառայական ուխտը ու նոր թափով շարունակելու երթը, հաստատեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կիրակի, 9 Դեկտեմբերին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, զոյգ յոբելեաններուն առիթով իր մատուցած Ս. պատարագին ընթացքին, միաժամանակ կոչ ուղղելով բոլորի՝ միասնական ճիգերով ու սերտ գործակցութեան ոգիով, հաւատքով եւ յոյսով նայելու ապագային, պայծառացնելու մեր եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին կեանքը։
Պատարագին ներկայ էին մեր թեմի նախկին առաջնորդներէն Եփրեմ արք. Թապագեան, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Կարօ Էշկիեան եւ անդամներ, միութենական ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Սրբազանը եկեղեցի մուտք գործեց թափօրով։ Ս. սեղանին սպասարկեցին Արտակ քհնյ. Տէմիրճեան, Մովսէս քհնյ. Շաննագեան եւ սարկաւագներ։ Եկեղեցւոյ դասին երկու կողմերուն տեղադրուած էին Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան անցեալի ու ներկայի գահակալներուն, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդներուն նկարները կրող պաստառներ։
Առաջնորդին պատգամը կեդրոնացած էր պատմական այս հանգրուանին ու ապագայի տեսլականին վրայ։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ իրեն առիթը շնորհած է յոբելենական այս առիթով պատարագ մատուցելու։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ անցեալ 60 եւ 45 տարիներուն հովանի ու առաջնորդ եղած է թեմական կեանքի ծառայողներուն, ոգեկոչեց յիշատակը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ հայրապետներուն՝ Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. (ապա Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց) կաթողիկոսներուն, որոնց հովանիին տակ կազմուեցան ու ծառայական վաստակ կերտեցին Հիւսիսային Ամերիկայի ապա Արեւմտեան թեմերը, իսկ ներկայիս, երթը կը շարունակուի Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանիին ներքեւ ու առաջնորդութեամբ։ Ան երախտագիտութեան զգացումներով ոգեկոչեց յիշատակն ու վաստակը հոգելոյս թեմակալ առաջնորդներուն՝ Հրանդ արք. Խաչատուրեանի ու Սմբատ արք. Լափաճեանի, գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Եփրեմ արք. Թապագեանի ու Տաթեւ արք. Սարգիսեանի գործունէութեան, ողջունելով Եփրեմ սրբազանին ներկայութիւնը, նշելով, որ ինք անցնող 23 տարիներուն նախ իբրեւ տեղապահ այնուհետեւ իբրեւ առաջնորդ կը շարունակէ նախորդ առաջնորդներուն սկսած երթը, շնորհիւ Աստուծոյ ու գործակցութեամբ հոգեւոր ու աշխարհական նուիրեալներու։
Սրբազանը աղօթք բարձրացուց հոգիներուն համար Թեմիս նուիրեալ բոլոր ննջեցեալներուն յիշատակին, նշելով, որ յաւարտ Ս. պատարագի, աղօթք պիտի բարձրացուի նաեւ Հայաստանը 30 տարի առաջ հարուածած երկրաշարժի զոհերուն հոգիներուն համար, խնդրելով Աստուծմէ, որ ըլլայ հովանի վերապրողներուն բարւոքումին։
Առաջնորդին տնօրինումով՝ նոյն օրը, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն յիշատակին։
Նկատի ունենալով, որ նոյն օրը Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենային Ազգային ժողովի ընտրութիւնները, առաջնորդը խնդրեց Աստուծմէ, որ առաջնորդէ մեր հայրենիքի ղեկավարներուն առաքելութեան ճանապարհը, ի խնդիր Հայաստանի ու ժողովուրդի ապահով երթին ու Սփիւռքի հետ գործակցութեան ամրապնդման։
Սրբազանը այնուհետեւ հաւատացեալները բաժնեկից դարձուց կարգ մը մտածումներու, որոնք կը բխէին Քրիստոսի երկրաւոր կեանքի պատգամներէն։ Առաջին հերթին, ան յիշատակեց Յիսուսի առաքելութիւնը ծանուցող՝ Յովհաննէս Մկրտիչի խօսքերը, երբ ան Յիսուսը ներկայացուց իբրեւ «Աստուծոյ Գառնուկը», որուն հետեւեցան աշակերտները։ Ապա, ան յիշատակեց Յիսուսի հրաշագործութիւնները։ Ան յարգանքով ու երախտապարտութեամբ յիշեց ամերիկեան այս ափերուն անցեալ տասնամեակներուն մատուցուած ծառայութիւնները եւ զանոնք նկատեց Քրիստոսի պատգամին կիրարկումը, այսինքն՝ հասնիլ ժողովուրդի կարիքներուն, ծառայելով նաեւ հայրենիքին, այն հասկացութեամբ, որ եկեղեցին ու ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն կը կազմեն։
Ան իր խօսքը աւարտեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որ Իր կամքին համաձայն առաջնորդէ այս յանձնառու երթը, ո՛չ միայն այսօր ու վաղը, այլ յաւիտեանս յաւիտենից։
Յաւատ Ս. պատարագի, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ երկրաշարժի զոհերուն ու թեմական կեանքին նուիրեալ հոգեւորականներու ու աշխարհականներու յիշատակին։ Արարողութեան աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա»ն։