ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գիւղերու զարգացման ծրագրերով գործող «Հիմնատաւուշ» հիմնադրամին օժանդակութեամբ, Տաւուշի մէջ 171 ընտանիքներ պիտի սկսին օգտուելու արեւային ուժանիւթէն:
2017ին հիմնադրամը Տաւուշի մարզին մէջ ձեռնարկած էր արեւային ուժանիւթի կիրառման ծրագիրը: Առաջին շահառու համայնքը Խաշթառակն էր, ուր արդէն 50 ընտանիքներ ապահովուած են տաք ջուրով (300 լ), նաեւ համայնքային նշանակութիւն ունեցող շինութիւնները՝ դպրոցը, մանկապարտէզը, բուժկէտը եւ համայնքապետարանը: 2018ին, յաջորդ շահառու համայնքը դարձաւ Լուսաձորը, ուր տեղադրուեցան 10 արեւային ջրատաքացուցիչներ: Նկատի ունենալով ծրագիրին արդիւնաւէտութիւնը, կը նախատեսուի զայն շարունակել նաեւ 2019ին: