ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի մէջ լոյս տեսաւ 1915ի դէպքերուն մասին «Հայոց Ցեղասպանութեան Արտացոլումը՝ 1915թ. Մամլոյ Էջերում» ժողովածուի առաջին հատորը, որուն մէջ առաջին անգամն ըլլալով փորձ կատարուած է միատեղելու այն յօդուածները, որոնք հայ եւ օտար մամուլներուն մէջ լոյս տեսած էին 1915ի աղէտալի օրերուն:
Հատորը համադրողներն են՝ Գայիանէ Մանուկեան, Արմէն Մարուքեան, Ժիրայր Պէօճէքեան, Անի Ոսկանեան եւ Մարիամ Յովսէփեան, որոնք 2015ին յանձն առած էին Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ ստեղծուած www.armeniangenocide100.org յատուկ կայքին «Այսօրը՝ 100 Տարի Առաջ» բաժինը:
1915ի մամլոյ արձագանգը, ըստ համադրողներուն, իւրատեսակ օրացոյց մըն է, որ օրը-օրին կը ներկայացնէ, թէ ի՛նչ գրած է ոչ միայն հայկական, այլ նաեւ օտար մամուլը՝ հայոց ծայրայեղ ծանր կացութեան մասին: Ըստ խմբագրական կազմին՝ հակառակ արմատացած կարծիքին, 1915ի մամուլի էջերուն մէջ տեղ գտած են նիւթեր ոչ միայն հայոց զանգուածային սպանութիւններուն, այլ նաեւ ինքնապաշտպանական կռիւներուն, գաղթականներուն ցուցաբերուող օգնութեան եւ կարեւոր կարգ մը այլ նիւթերու մասին:
«Այս նիւթերուն մէկ մասը գրեթէ անծանօթ է, այլ մաս մըն ալ առաջին անգամն է, որ կը դրուի շրջանառութեան մէջ: Նիւթերը քաղուած են բնագիրերէ: Անշուշտ, հետազօտական խումբը հեռու է յաւակնելէ, որ կարելի է մէկտեղել 1915ին վերաբերեալ բոլոր, յատկապէս՝ օտար մամուլի նիւթերը, որովհետեւ մամուլի այդ էջերուն մէկ մասը տակաւին հասանելի չէ», ըսին խմբագրական կազմի անդամները: