ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական ժողովը Ազգային վարչութիւնը եւ Տիկնանց օժանդակ մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ Հիլտա Պաղտասարեան եւ իր զաւակները՝ տէր եւ տիկին Գեւիկ եւ Փաուլա ու տէր եւ տիկին Փիթըր եւ Ռուպի, սիրայօժար կերպով յանձն առած են «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ իրենց ամուսնոյն ու հօր, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան թեմի ու գաղութի նուիրեալ բարերարներէն՝ հանգուցեալ Յակոբ Պաղտասարեանի:
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 6 Յունուար 2019ի երեկոյեան ժամը 6ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր, նախաձեռնութեամբ Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին:
Առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատելով Պաղտասարեան ընտանիքին նուիրաբերումը՝ նշեց. «Այս հովանաւորութեամբ, Պաղտասարեան ընտանիքը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ իր հարազատին ծառայական կեանքի ուղին ու ազգանուէր գործունէութիւնը շարունակելու յանձնառութիւնը: Թող Աստուած օրհնէ պրն. Յակոբին յիշատակը եւ Իր Ս. աջը հովանի պահէ Պաղտասարեան ընտանիքներու յարկերուն վրայ»։