ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- «Ռոսիա 24» կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտնեց, թէ յաջորդ տարի Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման գծով դրական տեղաշարժերու յոյս ունի:
Ալիեւ աւելցուց, թէ Պաքու պիտի շարունակէ իր այն քաղաքականութիւնը, որուն նպատակն է ցոյց տալ, թէ ինչ առաւելութիւններ պիտի բերէ խաղաղութիւնը տարածաշրջանին եւ թէ ինչ դժուարութիւններ պիտի դիմագրաւէ Հայաստան, եթէ խաղաղութիւն չհաստատուի:
«Ես խորապէս համոզուած եմ, որ Հայաստանի նոր իշխանութիւնը պիտի կարենայ իրականացնել երկրի բարեփոխման ուղղութեամբ իր բոլոր ծրագիրները՝ միայն եթէ հակամարտութիւնը կարգաւորուի», ըսաւ ան՝ կրկին պնդելով. «Անոր համար, անոնք պէտք է դուրս գան այն տարածքներէն, որոնք իրենց չեն պատկանիր եւ առիթ տան տասնեակ հազարաւոր ատրպէյճանցիներուն, որ վերադառնան իրենց հողերը»:
Ալիեւ չմանրամասնեց, թէ յատկապէս ինչի՞ վրայ հիմնուած է իր վերոյիշեալ յոյսը, որուն մասին վերջերս պարբերաբար կը խօսին ատրպէյճանցի պաշտօնատարներ։