ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցը կը տեղեկացնէ, թէ համագործակցելով Հայ Արհեստավարժներու ընկերակցութեան, ՀԲԸՄի Երիտասարդ Արհեստավարժներու Լոս Անճելսըի մասնաճիւղին, «Ներուժ» ու «Դէպի Հայք» կազմակերպութեանց եւ ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան հետ՝ տօնական օրերու նախորդող քանի մը շաբաթներուն ընթացքին նուիրահաւաքի արշաւի մը նախաձեռնած է, նէուրներ հասցնելու համար շրջանի հայ կարիքաւոր ընտանքիներու։
Այս արշաւին իբրեւ արդիւնք՝ կարելի եղած է 245 նուէրներ հաւաքել, ՀՕՄի Ընկերային սպասարկութեանց գրասենեակներու միջոցաւ հասնցելով զանոնք կարիքաւորներուն։
Նուէրներու հաւաքման կեդրոններ ընտրուած էին՝ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանը, ՀԲԸՄի Մանուկեան Տեմիրճեան եւ Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան վարժարանները, Ֆերահեան Ազգային վարժարանը, Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանը, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. ՅովսԷփեան վարժարանը, «Այրին՛զ Պիութի Սըլան»ը եւ «ՈւիՈւորք Փասատինա»ն։
Նուէրներուն մէջ կային՝ վերմակներ, գուլպաներ, երեխաներու հագուստեղէն եւ կօշիկներ, շարժուն վառարաններ ու նպարատուներէ գնում կատարելու նուէրի քարտեր։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Արհեստավարժներու ցանցի ատենանպետը կը յայտնէ, թէ արդիւնաբեր այս համագործխակցութիւնը իր տեսակին մէջ երկրորդն է հայ արհեստավրժներու կազմակերպութեանց միջեւ, յիշեցնելով, որ նախորդը տեղի ունեցած էր ամրան, երբ Արցախի ականազերծման ի նպաստ յաջող ձեռնարկ մը իրականացուած էր։ Ան կ՛աւլցնէ, թէ այս անգամ գործակցութեան ցանցը ընդարձակուած է, անոր մէջ ներառնելով նաեւ շարք մը հայկական վարժարաներ, ինչ որ պիտի նպաստէ նման բարեսիրական գործունէութիւններ նոր սերունդին ծանօթացնելու գործին։