ԱՆԳԱՐԱ, «Ճազիրա».- Քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիական ժողովրդավարական ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ 25 Դեկտեմբերին, սուրիական եւ ռուսական զինուորական ուժերը մուտք գործած են քիւրտերու հակակշիռին տակ գտնուող Մընպեճ քաղաքը, ուրկէ անցեալ շաբաթ հեռացած էին ամերիկեան ուժերը, աւելցնելով, որ ներկայիս ամերիկեան ուժերը կը շարունակեն վերահսկել Մընպեճ եւ Ճարապլուս շրջաններուն միջեւ տարածքը:
Ինչպէս յայտնի է, Թուրքիա կը ծրագրէ Մընպեճի դէմ ռազմական գործողութեան մը սկսիլ, քիւրտերը այնտեղէն դուրս մղելու նպատակով:
Ամերիկացի զինուորները շրջանին մէջ կը համագործակցէին քրտական ուժերուն հետ՝ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը չէզոքացնելու նպատակով, սակայն Անգարայի ճնշումներուն տեղի տալով, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշեց ամերիկեան ուժերը հեռացնել, թրքական նոր գործողութեան մը վտանգին առջեւ դնելով քիւրտերը։
Տեղեկացնենք, որ Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ ռազմական պատրաստուող գործողութեան ընթացքին Թուրքիոյ կողքին պիտի կռուին նաեւ «Սուրիոյ ազատ բանակ» խմբաւորման զինեալները:
Թուրքիա վերջին քանի մը օրերուն մեծաքանակ զինամթերք ուղարկած էր Սուրիա: 25 Դեկտեմբերի երեկոյեան նկատուած է, թէ ինչպէ՛ս Թուրքիոյ սահմանամերձ Քիլիս նահանգէն հրասայլերով բեռնուած բեռնատար ինքնաշարժները կը հատեն թուրք-սուրիական սահմանը:
Շարասիւնը շարժած է դէպի Սուրիոյ Թել Ռըֆաաթ եւ Մընպեճ շրջանները, ուր կը նախատեսուին ռազմական գործողութիւններ քրտական ուժերուն դէմ:
Ըստ նախատեսուածին՝ Թուրքիա արդէն պէտք է Մընպեճի մէջ սկսած ըլլար քրտական ուժերուն դէմ ռազմական գործողութեան, սակայն անցեալ շաբթուան վերջաւորութեան Անգարա յայտարարած էր, թէ որոշ ժամանակով պիտի յետաձգէ զայն, բայց զինուորական տեղաշարժերէն կարելի է եզրակացնել, որ յարձակման նախապատրաստութիւնները կը շարունակուին։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու իբրեւ յետաձգման պատճառ նշած է այն հանգամանքը, որ թրքական կողմը չի փափաքիր վնաս հասցնել այդ տարածքէն տակաւին ամբողջովին չհեռացած ամերիկացի զինուորներուն:
Միւս կողմէ, Թրամփ յայտարարեց, թէ Կիրակի օր «երկար ու արդիւնաւէտ» հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, քննելով Սուրիոյ վերաբերող հարցեր:
«Քննեցինք «Իսլամական պետութեան» հարցը եւ Սուրիայէն ամերիկեան ուժերուն դանդաղ եւ սերտօրէն համակարգուած հեռացումը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ինծի յստակ կերպով յայտնեց, որ վերջ պիտի տայ Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» կազմակերպութեան մնացորդին։ Էրտողան անձ մըն է, որ կրնայ այդ կատարել», գրած է Թրամփ՝ ըստ երեւոյթին «մոռնալ»ով, որ Էրտողան երկար տարիներով «Իսլամական պետութեան» ամենավստահելի աջակցողը եղած է։