ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էրմենիհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Քոլոմպիոյ խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը վաւերացուցած է Արցախի հարցին մասին հակահայ բանաձեւ մը։
Բանաձեւը դիտել կու տայ, որ Քոլոմպիա մտահոգ է Հայաստանի կողմէ Արցախի եւ անոր մերձակայ եօթը շրջաններու «բռնագրաւում»ով։ Բանաձեւը կը պաշտպանէ նաեւ այն տեսակէտը, թէ այս հարցը պէտք է լուծուի երկիրներու հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան սկզբունքներու լոյսին տակ։