ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ տնտեսական քաղաքականութեան ուսումնասիրման հիմնարկին գնահատականով՝ Թուրքիա հետզհետէ նուազ բաղձալի կը դառնայ արտասահմանցի ներդրողներու համար, կը հաղորդէ «Սէօզճու» կայքը:
Հիմնարկին պատրաստած զեկոյցին համաձայն՝ 2018ի Հոկտեմբերի դրութեամբ արտասահմանէն Թուրքիոյ մէջ կատարուած ուղղակի ներդրումներուն ծաւալը հասած է 10.7 միլիառ տոլարի, մինչ Թուրքիայէն արտասահմանի մէջ կատարուած ներդրումներուն ծաւալը եղած է 3.8 միլիառ տոլար:
Զեկոյցով ուշադրութիւն կը հրաւիրուի այն հանգամանքին վրայ, որ Թուրքիա կը կորսնցնէ իր գրաւչութիւնը օտար ներդրողներու համար, միւս կողմէ տեղական ընկերութիւնները սկսած են հետզհետէ աւելիով հետաքրքրուելու արտասահմանեան շուկայով: